19 նոյեմբերին Երեւանի մէջ իր աշխատանքը շարունակած է ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանը: Նիստը վարած է ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Իրեն Խարալամպիտեսը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կայքը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի ղեկավար Քոնսթանթին Վարձելաշվիլի` խօսք արտասանելով «Փտածութիւնը իբրեւ հիմնարար վտանգ աշխարհին եւ անվտանգութեան» նիւթով նիստի ընթացքին յայտնած է, որ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ յաջողութեան հասնելու համար առանցքային նշանակութիւն ունին ժողովրդավարական կառոյցներու ամրապնդումը, արդիւնաւէտ մեքանիզմներու մշակումը համապարփակ, երբեմն նաեւ` «ցաւոտ» բարեփոխումներու միջոցով:
Նիստին մասնակից պատգամաւորները անհրաժեշտ նկատած են ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու մէջ ամրապնդել ժողովրդավարական կառոյցները, իրականացնել բարեփոխումներ, ինչպէս նաեւ միաւորել փտածութեան դէմ պայքարին մէջ միջազգային ընտանիքի ջանքերը: