Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Ազրպէյճանին Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնը Արգելափակող Օրինագիծը

Նոյեմբեր 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 16 նոյեմբերին որդեգրած է Միչիկընը ներկայացնող ծերակուտական Կերի Փիթըրզի հեղինակած` «Հայկական պաշտպանութեան հռչակագիր» օրինագիծ, որուն նպատակն է 2024 եւ 2025 թուականներուն համար չեղեալ նկատել «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիր»-ի 907-րդ յօդուածի ամէնամեայ չեղարկման նախագահական ընթացակարգը եւ որուն շնորհիւ Ազրպէյճան պիտի զրկուի ամերիկեան զինուորական օժանդակութենէն: Այս քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի, հայ համայնքի, վերջինիս քոնկրեսական բարեկամներու, Միացեալ Նահանգներ բնակող այլ ժողովուրդներու համայնքային կազմակերպութիւններու շարունակապէս աճող հասարակական եւ քաղաքական երկարատեւ ճնշման շնորհիւ:

Մեկնաբանելով օրինագիծին որդեգրումը` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտական Փիթըրզին իր առաջնորդութեան համար եւ կ՛ողջունենք Ծերակոյտին կողմէ օրինագիծի որդեգրումը` իբրեւ Արցախի ցեղասպանութեան համար Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելուն եւ Հայաստանի նկատմամբ նոր յարձակումը զսպելուն ուղղուած առաջին քայլ: Իր կարգին, նախագահ Պայտընը, հաշուի առնելով իր դերը Արցախի ցեղային զտման հոլովոյթին մէջ Ազրպէյճանը զինելու գործին մէջ, այս պահուս պէտք է շատ աւելին ընէ, քան պարզապէս ազդարարէ Միացեալ Նահանգներու գործող օրէնսդրութեան կիրարկման պատրաստակամութեան մասին, օրինակ` Միացեալ Նահանգներ կրնան առաջնորդել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ` հաստատելու միջազգային լիազօրութիւն, որ պիտի ապահովէ հայութեան անվտանգ եւ կայուն վերադարձ Արցախ»:

Օրինագիծի ներկայացման ժամանակ ծերակուտական Փիթըրզ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը` սկսած շուրջ 10-ամսեայ շրջափակումէն մինչեւ 19-20 սեպտեմբերի զինուորական յարձակում: Վկայակոչելով այն, որ նախագահ Պայտըն, Ազրպէյճանի շարունակապէս աճող յարձակողապաշտութեան պարագային, չէ դադրեցուցած վերջինիս տրամադրուող օժանդակութիւնը, Փիթըրզ Ծերակոյտի իր գործընկերները յորդորած է գործել ըսելով. «Եթէ մենք քայլերու չձեռնարկենք, երբ երկիրները դիտաւորեալ կերպով կ՛անտեսեն իրենց հետ մեր համաձայնագիրներու պայմանները, մեր համաձայնագիրները իրականութեան մէջ անիմաստ եւ անատամ պիտի դառնան: Ես իմ գործընկերներուս կոչ կ՛ուղղեմ` ինծի միանալու Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար, գործադրելու մեր համաձայնութիւնները եւ չհրահրուած յարձակումի պայմաններուն մէջ կանգնելու հայ ժողովուրդի կողքին»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, հայ համայնքին գործօն մասնակցութեամբ, պիտի շարունակէ աշխատանքը «907-րդ բանաձեւ»-ի ամբողջական կիրարկումը ապահովելու համար` խրախուսելով Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան մէջ անյապաղ որդեգրումը երկու օրինագիծերու, որոնք կ՛արգելակեն Միացեալ Նահանգներու զինուորական օժանդակութիւնը Ազրպէյճանին, ամբողջութեամբ չեղեալ նկատելով «907-րդ բանաձեւ»-ի շրջանցման նախագահական լիազօրութիւնները:

Ներկայացուցիչներու տան մէջ գտնուող օրինագիծերու նախագիծերով նաեւ կ՛առաջարկուի ընդլայնել Հայաստանին տրամադրուող մարդասիրական եւ զինուորական օժանդակութիւնը` ի պատասխան Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակումին, ինչպէս նաեւ օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Դեսպանատուն. «Ֆրանսան Զգօն Է Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ 1991 Թուականի Սահմաններու Յարգման Հարցին Նկատմամբ»

Յաջորդը

«Յստակօրէն Կը Պահանջենք, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Ապահով Վերադարձի Երաշխիքներ Ունենայ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան Բանբերը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?