Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Բուռն Բախումներ

Նոյեմբեր 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող բախումները` Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ, երէկ առաջին անգամ ըլլալով շատ բուռն բախումներու վերածուեցան` լրջօրէն վտանգելով Լիբանանը:

Լիբանան-Իսրայէլ ռազմաճակատը բանալու հաւանականութիւնը արգիլելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն, որ նաեւ հսկած էր Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հասաւ Լիբանան:

Իսրայէլացի պատասխանատուներ շեշտեցին, որ ամերիկեան վարչակազմին մօտ կայ մտավախութիւն, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ արձանագրուած ապահովական մագլցումները պատճառ կը դառնան, որ Կազայի պատերազմին շրջագիծը ընդարձակուի եւ վերածուի շրջանային տարողութեամբ պատերազմի, որ իր կարգին ամերիկեան միջամտութիւն պիտի ենթադրէ:

Կը նախատեսուի, որ Հոքշթայն իսրայէլացի պատասխանատուներու հետ քննարկէ տիրող կացութիւնը:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան ժամը 8:53-ին,  Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ երկրորդ անգամ ըլլալով թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան «Պրանեթ» զինուորական դիրքին թիւ 91 ջոկատի հրամանատարութիւնը:

Դիմադրութիւնը ընդգծեց, որ այդ դիրքը ռմբակոծելու համար օգտագործած է «Պուրքան» տիպի երկու հրթիռներ եւ պատճառած հսկայական վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները յայտնեցին, որ թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած են նաեւ իսրայէլեան «Զըպտին» զօրանոցը, ինչպէս նաեւ Հատպ Եարունի իսրայէլեան դիրքին կից գտնուող Քարանթինայի բլուրը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Դիմադրութեան տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի մարտիկները հակահրետանային հրթիռներով թիրախ դարձուցած են իսրայէլացի զինուորներու համախմբումներ` Տհայրա եւ Թայհաթ իսրայէլեան դիրքերուն վրայ:

Դիմադրութեան գործողութիւնները ծանրակշիռ էին երէկ եւ անոնք նոյն թափով շարունակուեցան յետմիջօրէին, երբ Հըզպալլա 25 հրթիռ եւ «անձնասպանական գործողութեան» նպատակով ականուած անօդաչու թռչող սարք մը արձակեց Քիրիաթ Շմոնա եւ Մերկելիոթ բնակեցման վայրերուն ուղղութեամբ:

Շուրջ կէս ժամ ետք Հըզպալլա յայտնեց, որ երեք անօդաչու թռչող սարքերով եւ հակահրետանային մեծ թիւով հրթիռներով յարձակում գործած է Քիրիաթ Շմոնայի վրայ եւ հարուածած ուղղակի թիրախներ:

Նախանցեալ գիշեր հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վրայ լուսաւորող ռումբեր տեղացնելէ ետք, իսրայէլեան բանակը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հրետակոծեց Լապպունէն, Նաքուրան, Եարունը, Ռըմէյշը, Այթա Շաապը, Հուլան, Թէյր Հարֆան, Ռըպ Թլեթինը, Մհայպիպը, Եարինը, Մարուն Ռասը, Պայեատի եւ Սլուքիի հովիտները եւ Մէյս Էլ Ժապալը:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց Ռըմէյշ եւ Այթա Շաապ գիւղաքաղաքները:

Յետմիջօրէի ժամը 3:15-ին, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց երեսփոխան Քապալան Քապալանի բնակարանը, Մէյս Էլ Ժապալի մէջ, պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը հարաւային Լիբանանի տարածքին Հըզպալլայի պատկանող մեծ թիւով ենթակառոյցներ հարուածած են` հրետանիներու եւ օդուժի ռմբակոծումներով:

Ատրահի յայտնեց, որ ականուած անօդաչու թռչող սարքերը ինկած են իսրայէլեան կեդրոնի մը մօտակայքը, առանց մարդկային վնասներ պատճառելու` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը հակադարձած են արձակուած հրթիռներուն:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Եարունի Մար Ժըրժոս եկեղեցին, իսկ անօդաչու թռչող սարք մը ռմբակոծեց Խիամի մէջ բնակարան մը:

Երեկոյեան ժամը 7:15-ին, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը թիրախ դարձուց Այթարունի մէջ գտնուող դատարկ բնակարան մը:

Նախորդը

Պըրրի Նամակ Մը Ստացաւ Հունգարացի Իր Պաշտօնակիցէն

Յաջորդը

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Անդրանիկ Մսըրլեանին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?