Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը «Հակասական» Որակած Է ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նիստին Փաշինեանի Խօսքը

November 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական նիստի ընթացքին արտասանած խօսքը` անոր արտայայտած միտքերը որակելով «հակասական»: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Անընդունելի է, որ հայկական կողմը «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելու եւ բանակցութիւններ սկսելու փոխարէն Ազրպէյճանին մեղադրանքներ կը ներկայացնէ», կը նշուի նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէի մեկնաբանութեան մէջ:

Վերջինս նշած է, որ Հայաստանի վարչապետի` «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնքի» ներկայացուցիչներու` «հայրենի հող» անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադառնալու ցանկութիւնը իբրեւ Հայաստանի վրայ յարձակումի նախապատրաստում ներկայացնելու փորձը ամբողջովին «անհիմն է»:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք հայկական կողմին, որ կը շարունակէ յարձակողական զրպարտիչ հռետորաբանութիւն կիրարկել մեր երկրին դէմ` օգտագործելով տարբեր միջազգային հարթակներ, դադրեցնելու խաղաղութեան հեռանկարներուն վնասող յայտարարութիւնները եւ օգտագործելու Հարաւային Կովկասի շրջանը խաղաղութեան եւ համագործակցութեան տարածքի վերածելու համար ստեղծուած պատմական կարելիութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Փաշինեան 18 նոյեմբերին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր. «Երեւանն ու Պաքուն տակաւին կը խօսին իրարմէ շատ տարբեր դիւանագիտական լեզուներով, եւ շատ յաճախ զիրար չենք հասկնար»:

Շեշտելով, որ Ազրպէյճանը, օրինակ, ոչ մէկ անգամ հրապարակային յղում կատարած է արդէն համաձայնեցուած երեք սկզբունքներուն, չէ վերահաստատած իր հաւատարմութիւնը այդ սկզբունքներուն, Փաշինեանը նշած էր, որ ատիկա կը խորացնէ անվստահութեան մթնոլորտը:

«Չափազանց կասկածելի կը թուի նաեւ այն, որ Ազրպէյճանի մէջ բարձրագոյն հովանաւորութեամբ եւ ըստ էութեան պաշտօնական մակարդակի վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սկսած են կոչել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Ասիկա մեզի նոր պատերազմ, Հայաստանի վրայ նոր զինուորական յարձակում կազմակերպելու նախապատրաստութիւն կը թուի եւ խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջընթացի հիմնական խոչընդոտներէն է», ըսած էր ան:

 

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Կապանի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են Իրանի Գլխաւոր Հիւպատոսին Հետ

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Երէկուան Նիստին Քննարկած Է Փտածութեան Կանխարգիլման Կարեւորութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.