Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Վարչապետին Հետ

Յունուար 11, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 10 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վարչապետարանին մէջ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Մոհամատ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հետ` ներկայութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի, Քաթարի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանի, թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանի, Ս. Աթոռիս Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի եւ Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեք յաջորդական փուլերով: Առաջին փուլը` պատուիրակութեան ներկայութեամբ. վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով 12 տարի առաջ Քաթարի էմիրին հետ ունեցած հանդիպումին` յիշեցուց, թէ երեք բառերով բնորոշած էր Քաթարի ընթացքը` զարգացում, չափաւորութիւն եւ երկխօսութիւն: Այսօր ուրախ եմ հաստատելու, որ վերանորոգ կերպով Քաթարը կը շարունակէ իր ընթացքը` միջազգային համայնքին մէջ իր կարեւոր դերակատարութեամբ եւ Միջին Արեւելքի մէջ իր վճռորոշ դերով` կարգ մը բարդ խնդիրներու գծով, յատկապէս Իսրայէլի պատերազմը Կազայի դէմ ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ սփիւռքի հայ գաղութներուն մասին: Այս ծիրին մէջ, ան անդրադարձաւ Քաթարի հայ գաղութին: Այս գծով Մեսրոպ սրբազան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց վարչապետին: Ապա, վեհափառ հայրապետը վարչապետէն խնդրեց, որ պետութեան կողմէ հողաշերտ տրամադրուի գաղութին` եկեղեցւոյ շինութեան համար: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան եւ այդ գծով Քաթարի իւրայատուկ դերին:

Պատասխանելով վեհափառ հայրապետին` վարչապետը նախ մեծ ուրախութեամբ ողջունեց հայրապետին այցելութիւնը, որ կը կատարուէր ընդառաջելով իր իսկ կողմէ յղուած պաշտօնական հրաւէրին: Վարչապետը յայտնեց, թէ Քաթարը կը շարունակէ այն ուղին, որ վեհափառ հայրապետը տարիներ առաջ պարզած էր նախկին էմիրին: Վարչապետը ըսաւ, որ հարցերու լուծման գծով մեր նպատակը միշտ եղած է արդարութիւն ու չէզոքութիւն: Խօսելով հայ համայնքին մասին` ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եւ ընդգծեց, թէ ո՛ւր որ հայ ժողովուրդը բնակած է` հաւատարիմ մնացած է իր բնակած երկրին եւ պահած է իր մշակոյթը, լեզուն եւ ինքնութիւնը: Ինչ կը վերաբերի հողաշերտին, վարչապետը ըսաւ, որ ինք պիտի փորձէ օգտակար հանդիսանալ հայ համայնքին հող տրամադրելու համար:

Հանդիպման երկրորդ փուլին, վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին: Լայնօրէն խօսուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած աշխատանքներուն, նախաձեռնութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն մասին: Վարչապետը շեշտեց շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը` միաժամանակ յայտնելով, որ յառաջիկային Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցով մօտէն զբաղելու կոչուած յանձնախումբը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ Քաթար), իր նախագահութեամբ, պիտի լծուի աշխատանքի:

Հանդիպման երրորդ փուլը կայացաւ վեհափառ հայրապետին եւ վարչապետին միջեւ, ուր հայրապետը անդրադարձաւ կարգ մը հարցերու:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ուղերձը

Յաջորդը

Ակնարկ. «Յաջորդող Օրերը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?