Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ծննդեան Պատարագին Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Շեշտեց. «Մեզի Համար Երբեք Անցեալ Պիտի Չդառնայ Արցախը»

Յունուար 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 յունուարին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը սուրբ պատարագ մատուցեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցիին մէջ:

Հայրապետական թափօրը «Խորհուրդ խորին» շարականի հանդիսաւոր երգեցողութեան ներքեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Սուրբ Տրդատի մատուռէն առաջնորդեց դէպի սուրբ խորան:

Սուրբ պատարագին իբրեւ առընթերականեր կը սպասաւորէին Մայր Աթոռի լուսարարապետ Մուշեղ եպս. Բաբայեանն ու Երեւանի պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի վարիչ եւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան:

Սուրբ պատարագի ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» աւետիսով ողջունեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ տօնին առիթով յղեց իր պատգամը, որուն մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Փրկիչի ծնունդը հրաւէր է խաւարէն դէպի լոյս, դէպի Աստուած ընթանալու եւ միշտ Տիրոջ հետ ըլլալով` արժանի դառնալու երկնատուր բարիքներու ու յաւիտենութեան: Մարդեղացեալ Աստուածորդին մերժելը, սակայն, արհաւիրքներ կը բերէ, չարիք ու աւեր կը սփռէ:

«Մեր ժողովուրդը 21-րդ դարուն վերստին կրեց կորուստներ, ենթարկուեցաւ նոր փորձութիւններու, որոնք, ցաւօք, անկարող եղանք յաղթահարելու աշխարհաքաղաքական բարդ իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ առաքելապատուէր բարութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան ճանապարհէն խոտորելու պատճառով: Բարութիւնը մեր քով աղճատուեցաւ չարութեան ու նենգութեան որոմներով, արդարութիւնը այլափոխուեցաւ կողմնակալութեան ու հաշուեյարդարի դրսեւորումներով, ճշմարտութիւնը խեղուեցաւ ու խաթարուեցաւ սուտով ու չարահնար գործողութիւններով: Նման արատները նաեւ պատճառ դարձան մեր ազգի մասնատման, ուժերու ջլատման ու պարտութիւններու, նաեւ կորուստներու մեր սրբութիւններու եւ արժանապատուութեան: Այսպէս Արցախը միայնակ մնաց իրեն պատած արհաւիրքներու օրերուն: Արցախցի հայորդիք եղան հալածական հայրենի բնօրրանէն, աստանդական եւ անօթեւան: Բայց Տէրը, որ Իր ծննդեամբ փրկութիւն ու լոյս բերաւ խաւարի մէջ, ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ հետ` ամէն նեղութիւն կը վերափոխուի յաղթութեան, ամէն տառապանք` աստուածային հատուցման, ամէն դժուարութիւն` ուժի եւ զօրութեան, եւ անգամ մահը` յաւիտենութեան», նշեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

«Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան յուսաբեր խորհուրդով քաջալեր` հայրապետական Մեր յորդորը կը բերենք Արցախէն տեղահանուած Մեր զաւակներուն: Սիրելինե՛ր, դուք անօրինակ հերոսական եւ անընկճելի ոգիով ամենայն արժանապատուութեամբ եւ անտրտունջ յաղթահարած էք եւ կը յաղթահարէք ձեզ պատուհասած նեղութիւնները: Մեզի համար երբեք անցեալ պիտի չդառնայ Արցախը, զոր մենք պիտի շարունակենք փայփայել մեր սրտին ու հոգիին մէջ` ամէն ջանք ի գործ դնելով արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար», ընդգծեց Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետը:

Նախորդը

Սուրբ Ծննդեան Պատարագին Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատգամեց. «Դառնանք Քրիստոսի` Իբրեւ Անհատ Եւ Իբրեւ Ազգ, Եւ Հաւատքի Զօրութեամբ Ըսենք` «Եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս»

Յաջորդը

Քենաանի. «Իրան Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութեան Վերաբերեալ Յստակ Դիրքորոշում Ունի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 11, 2025
Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?