Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստան Կը Բացառէ Հարաւային Կովկասի Մէջ Ուժի Եւ Յարձակումի Կիրարկումը

Յունուար 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանը ուշադիր կը հետեւի Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան: Այս մասին 10 յունուարին Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Կերափեթերիթիսը:

Ան ընդգծեց օգնութեան կարիք ունեցողներուն օժանդակութիւնը` Արցախի մէջ «զանգուածային բարբարոսական գործողութիւններուն պատճառով»:

«Յունաստանը կը բացառէ ուժի եւ յարձակումի կիրարկումը», ընդգծած է նախարարը` աւելցնելով, որ Աթէնքը կ՛աջակցի դրական քայլերուն, ինչպիսիք են գերիներու երկկողմանի ազատ արձակումը եւ երկխօսութեան շարունակութիւնը:

«Մենք յոյս ունինք վերսկսիլ բանակցութիւնները խաղաղութեան հասնելու նպատակով: Շրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութիւն եւ դրացիներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատումը անհրաժեշտ է», ըսած է Յունաստանի նախարարը: Ան նշած է, որ իր հայ գործընկերոջ կողմէ մանրամասն տեղեկացուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին եւ զայն իրատեսական նախագիծ կը նկատէ:

Կրկնելով այն կարեւորութիւնը, որ Յունաստանը կու տայ Արցախէն բռնագաղթուած հայերու կարիքներուն, ան նշած է Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութիւնը ինչպէս մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ, այնպէս ալ խաղաղ հոլովոյթներուն մէջ: «Ամէն հարցի մէջ կրնաք մեր վրայ յոյս դնել», նշած է ան:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Արցախի մէջ քրիստոնէական վայրերու պահպանման:

Ան ընդգծեց Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, եւ Աթէնքը մտադիր է աշխատիլ այդ հարցով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ համագործակցութեամբ: «Յունաստանը յստակօրէն կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քրիստոնէական վայրերու պահպանման եւ կ՛ուզէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն բացայայտէ հաւանական սպառնալիքները», ըսաւ նախարարը:

Ան վերահաստատեց իր երկրի պատրաստակամութիւնը աջակցելու Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ յարաբերութիւններու խորացման` ըսելով. «Յունաստանը միշտ պատրաստ է վստահելի գործընկեր ըլլալու եւ անկեղծօրէն կը հաւատայ, որ բարգաւաճումը կրնայ ըլլալ միայն Եւրոպայի հետ»:

Յոյն նախարարը նշեց, որ քայլերը պիտի ըլլան հետեւողական: Իբրեւ օգնութեան օրինակ` ան մատնանշեց Արցախէն բռնագաղթուած հայերու բնակարանային ծրագիրի իրականացման նախապատրաստական աշխատանքները:

«Մենք պատրաստակամ պիտի ըլլանք սատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին, մենք արդէն իսկ ընտրած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը մասնակցի մեր արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին, ու շարունակաբար պիտի կազմակերպենք նման հանդիպումներ մեր արժէքները կիսող անդամ պետութիւններու հետ, ինչպիսիք են Ֆրանսան եւ Կիպրոսը: Կը կարծեմ` շատ կարեւոր է, որ շարունակաբար շեշտադրենք Հայաստանի մասին եւրոպական տեսակէտը:

«Ասիկա կ՛ընենք ոչ միայն յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան ապագային` նպաստելով հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան աճին, սակայն ասիկա կարեւոր է նաեւ Եւրոպայի համար: Մենք կը կարծենք, որ Հայաստանը Եւրոպայի կարեւոր մէկ մասն է, որուն վերաբերեալ կան պատմական կապեր: Յունաստանը շուտով պիտի սատարէ ծրագիրի մը, որ պիտի ֆինանսաւորէ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձեր: Ատիկա, մասնաւորաբար, կը վերաբերի բնակարանային ֆոնտին, կեցութեան», ըսաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Խօսելով Երեւանի եւ Պաքուի բանակցութիւններուն մասին` ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը հաւատայ երկխօսութեան: «Յունաստանը կ՛ըսէ երեք բառեր, որոնք կը վերաբերին այլ երկիրներու մէջ եւ աշխարհի վրայ տիրող կացութեան` ժողովրդավարութիւն, դիւանագիտութիւն, երկխօսութիւն: Ներգրաւուած կողմերը պէտք է երկխօսութեան մէջ ըլլան: Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը շատ իրատեսական եւ արդար լուծում է: Խաղաղութեան հոլովոյթը պէտք է անդրադառնայ որոշակի խնդիրներու:

«Սահմաններու սահմանազատումը պէտք է յստակ ըլլայ` ապագային բարբարոսութիւնը կանխարգիլելու համար: Նպատակին հասնելու իրական կարելիութիւն կայ: Զինուորական գործողութիւն պէտք չէ ըլլայ», նշեց նախարարը` հաւանութիւն տալով խաղաղութեան հասնելու հոլովոյթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քայլերուն:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ուղերձը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?