Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Յունուար 10, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կողմէ հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Հիմնուելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կողմէ հրապարակուած բոլոր հաղորդագրութիւններուն եւ պաշտօնական նամակագրութեան վրայ, որոնք կը վերաբերէին Պէյրութի գետին պատճառած ողողումներուն եւ անոր պատճառներուն, քաղաքապետարանին համար կարեւոր է հանրութիւնը տեղեակ պահել հետեւեալին մասին.

1.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը նախարարութիւններն ու վարչութիւնները տեղեակ պահած է գետին դէմ գործուած ապօրինութիւններուն, զայն նեղցնող արգելքներուն, ինչպէս նաեւ անոր մէջ կուտակուած աւազներուն մասին: Քաղաքապետարանը պաշտօնական նամակագրութեամբ եւ հաղորդագրութիւններով զգուշացուցած է այդ ազդակներուն վտանգներէն եւ ամէն ջանք ի գործ դրած կանխարգիլելու ողողումներուն պատճառելիք վնասները, որոնցմէ վերջինը արձանագրուեցաւ 23-24 դեկտեմբեր 2023-ի գիշերուան ընթացքին:

2.- Վերջին ողողումին պատճառած վնասներէն ետք եւ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ քաղաքապետութեան կատարած զգուշացումներուն առումով ոչ մէկ նախաձեռնութիւն որդեգրուած է կամ ընդառաջում արձանագրուած, նաեւ նկատի ունենալով յառաջիկայ օդերեւութաբանական պայմանները, քաղաքապետարանը նախաձեռնած է գտնելու լուծումներ` համազօր առկայ վտանգներուն:

Սակայն նկատի ունենալով անհրաժեշտ պաշարներու տագնապն ու պիւտճէի չգոյութիւնը, քաղաքապետարանը դիմեց հետաքրքրուող իր բարեկամներուն, որոնք ստանձնեցին ջրհան մեքենաներու ապահովումը` կարենալ մաքրելու համար գետը, որուն մէջ տարիներ շարունակ կուտակուած են աղբ եւ աւազ: Իսկ ողողումներ պատճառող կուտակուած աղբին ու աւազին պատճառը ապօրինի կերպով գետի հունին մէջ գտնուող կղզին է:

Օժանդակութիւններուն իմաստով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր բարեկամներուն, որոնք ստանձնեցին գետին մաքրութեան ծախսերն ու աշխատանքը:

3.- 6 յունուար 2024-ին, գետի մաքրութեան փուլը աւարտելէ եւ աւազները մէկդի դնելէ ետք, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը իր կողմէ նշանակուած կապալառու մը ուղարկեց` ստանձնելու համար աշխատանքները:

4.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը 4 յունուար 2024-ին հետեւեցաւ հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան միջոցներու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սաժիհ Աթիէի մամլոյ ասուլիսին, որուն ներկայ էին համապատասխան նախարարները, ինչպէս նաեւ անոնց կապուած վարչութիւններուն ներկայացուցիչները: Նշեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Աթիէ հաստատեց վտանգ պատճառող այն ազդակները, որոնց  Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անդրադարձ կատարած էր: Ան շեշտեց, որ համապատասխան նախարարներուն համաձայնութիւնն էր աշխատիլ` լուծելու համար այդ հարցը:

5.- Պէյրութի գետին մէջէն աւազահանումը կատարեցինք եւ այդ աւազը տեղադրեցինք գետին եզերքը: Մեր աշխատանքը աւարտելէ եւ կեդրոնական վարչութիւններուն կողմէ աշխատանքի ստանձնումէն ի վեր, մինչեւ այս հաղորդագրութեան հրապարակումը, աւազները կը մնան նոյն վայրին մէջ եւ չեն փոխադրուած, ու աշխատանքը մնացած է կիսատ:

Օդերեւութաբանական տուեալներուն համաձայն, յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած են տեղատարափ անձրեւներ, որոնց պատճառով դիզուած աւազն ու ցեխը կրնան դարձեալ փակել գետին հունը եւ վերստին ողողումներ պատճառել:

Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք նախարարութիւններուն եւ համապատասխան վարչութիւններուն արագ շարժելու եւ վերցնելու գետին եզերքը կուտակուած աւազը, ինչպէս նաեւ սկսելու այն միջոցառումներուն, որոնք քննարկուած էին խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին ընթացքին:

Կը վերահաստատենք մեր զգուշացումը, որ պատկան մարմիններուն կողմէ արձանագրուելիք որեւէ ձգձգումի պարագային, տեղատարափ անձրեւները դարձեալ պիտի փակեն գետին հունը` պատճառելով ողողումներ եւ նոր վնասներ, որոնց մասին ոչ ոք կրնայ կանխատեսումներ կատարել կամ անոնց կրկնութիւնը երաշխաւորել: Հետեւաբար կը մերժենք այս իմաստով պատասխանատուութիւն ստանձնել:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ`
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Բուռն Թափով Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին. Ս. Ծննդեան Միացեալ Համերգ` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?