Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը

Յունուար 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, Լահէի մէջ, Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը սկսաւ քննարկումը Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան կողմէ Իսրայէլի պետութեան դէմ յարուցուած Ցեղասպանութեան հարցին։ Կարգ մը պետութիւններ, որոնց շարքին Թուրքիան, իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հարաւային Ափրիկէի նախաձեռնութեան։

Ցեղասպան Թուրքիան իրաւունք չունի ցեղասպանութեամբ մեղադրելու այլ պետութիւններ, այնքան ատեն, որ չէ ընդունած իր պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ եւ հատուցում չէ կատարած հայ ժողովուրդին։ Ցեղասպանական ոճիրները անժամանցելի են։

Մեզի համար հաւասարապէս դատապարտելի են թէ՛ ինքնապաշտպանութեան պատճառաբանութեամբ Իսրայէլի ցեղասպանական քայլերը պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ, եւ թէ՛ այդ քայլերուն նկատմամբ Թուրքիոյ քննադատական կեցուածքը։ Իսրայէլի նկատմամբ Թուրքիոյ այս կեցուածքը նաեւ կեղծ է, որովհետեւ բացի դիւանագիտական խորհրդանշական քայլերէ՝ Թուրքիա կը շարունակէ Իսրայէլի հետ իր առեւտրական յարաբերութիւնները, մատակարարելով նոյնիսկ անոր բանակին կարիքները։

Իսրայէլի վարքագիծին նկատմամբ քննադատական ու դատապարտող յայտարարութիւներ կատարող Թուրքիան ոչ միայն ցարդ կ՚ուրանայ հայ ժողովուրդին դէմ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը, այլեւ ամէն ձեւով կ՚օժանդակէ Ատրպէյճանին, Արցախի եւ մեծ հաշուով հայ ժողովուրդին դէմ այս վերջինին ցեղասպանական քայլերուն մէջ։ Առաւել, Թուրքիան կը շարունակէ ուժ կիրառելով ոտնակոխել քիւրտ ժողովուրդին իրաւունքներն ու իր կարգ մը դրացի պետութիւններուն տարածքային ամբողջականութիւնը։

Միւս կողմէ, Իսրայէլ առ այսօր չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, նաեւ մեղսակից է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի գործադրած ցեղասպանութեան մէջ եւ կը շարունակէ Ատրպէյճանին մատակարարել զէնք ու զինամթերք, որոնց թիրախը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։

Մեզի համար դատապարտելի է Իսրայէլի այս վարքագիծը։

Արիւնահեղութեան շարունակութիւնը կը սպառնայ ռազմական գործողութիւններու աշխարհագրական ընդարձակումին՝ սպառնալով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ տարածելով պատճառուող մարդկային ողբերգութիւնը։ Անհրաժեշտ է արագ քայլեր ձեռնարկել ռազմական գործողութիւններն ու մարդասիրական աղէտը դադրեցնելու, եւ սկսելու երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծումի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

11 Յունուար 2024

Նախորդը

Ակնարկ. «Յաջորդող Օրերը»

Յաջորդը

Սփիւռքահայ Թատրոնը Կորսնցուց Զոհրապ Եագուպեանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?