Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը  Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Ազրպէյճանին  Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնը  Արգելափակող Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Ազրպէյճանին Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնը Արգելափակող Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 16 նոյեմբերին որդեգրած է Միչիկընը ներկայացնող ծերակուտական Կերի Փիթըրզի հեղինակած` «Հայկական պաշտպանութեան հռչակագիր» օրինագիծ, որուն նպատակն է 2024 եւ 2025 թուականներուն համար չեղեալ նկատել «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիր»-ի 907-րդ յօդուածի ամէնամեայ չեղարկման նախագահական ընթացակարգը եւ որուն շնորհիւ Ազրպէյճան պիտի զրկուի ամերիկեան զինուորական օժանդակութենէն: Այս քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի, հայ համայնքի, վերջինիս քոնկրեսական բարեկամներու, Միացեալ Նահանգներ...

Մինչ Բանակի Հրամանատարութեան Ճակատագիրը  Կը Մնայ Անորոշ, Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Բախումները Կը Շարունակուին

Մինչ Բանակի Հրամանատարութեան Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ, Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

Մինչ բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին համար նոր նշանակում կատարելու կամ 10 յունուար 2024-ին հանգստեան կոչուող բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնները կը շարունակեն մնալ խորհրդակցութեան առարկայ նիւթեր, հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները կը շարունակուին Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ: Բայց եւ այնպէս արտաքին առումով` հարաւային սահմանագիծին վրայ նոյն թափն ու կշռոյթը ունեցող բախումները, տարբեր են  ներքին լիբանանեան իմաստով արձանագրուած զարգացումներէն: Ներքին...

Ակնարկ.   Պիւտճէն Եւ «Ծայրագաւառային  Հայրենասիրութիւն»-ը

Ակնարկ. Պիւտճէն Եւ «Ծայրագաւառային Հայրենասիրութիւն»-ը

Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ հայրենասիրութիւն յղացքին նոր սահմանում կատարեց: Կեդրոնացաւ հայրենիք-պետութիւն նոյնացումի տեսութեան վրայ: Մանրամասնեց` ըսելով. «Հայրենիքը պետութիւնն է, կը սիրես հայրենիքդ` հզօրացո՛ւր պետութիւնը, եղի՛ր օրինապահ եւ վճարէ` հարկերդ»: Պետութիւնը  պարզ է, որ ազգի մը կազմակերպուածութեան բարձրագոյն մակարդակն է. համակարգ է, որուն կը ձգտի ամէն ազգ  գերիշխան եւ ազատ ապրելու համար իր հայրենիքին մէջ: Հայրենիքը սակայն, մեր նման ժողովուրդներուն...

Օ՛Պրայըն. «Ուաշինկթըն Դադրեցուցած Է  Ազրպէյճանին Զինուորական  Օգնութեան Տրամադրումը»

Օ՛Պրայըն. «Ուաշինկթըն Դադրեցուցած Է Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութեան Տրամադրումը»

Միացեալ Նահանգներ դադրեցուցած են Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական եւ այլ տեսակի օգնութիւնը, չեղեալ յայտարարած են բարձր մակարդակի որոշ այցելութիւններ, իսկ Ուաշինկթըն Պաքուին ազդարարած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ տակաւին Հայաստանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած: ԹԱՍՍ լրատու գորակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Արցախի նիւթով լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ...

Դիմադրութիւնը Կազմ Ու Պատրաստ Կը Յայտարարէ  Ինքզինք` Դիմակայելու Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակում

Դիմադրութիւնը Կազմ Ու Պատրաստ Կը Յայտարարէ Ինքզինք` Դիմակայելու Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակում

Հարաւային սահմանագիծը կը շարունակէ մնալ լարուածութեան մթնոլորտի մէջ` Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ շարունակուող բախումներուն պատճառով: Հակառակ այն իրականութեան, որ բախումներուն թափը երբեմն կը նուազի եւ երբեմն ալ կը սաստկանայ, սակայն Լիբանանի հասցէին հնչող իսրայէլեան իւրաքանչիւր նոր սպառնալիքի պարագային Հըզպալլա կը հաստատէ իր պատրաստ վիճակը` ընդգծելով, որ ինք պատրաստ է Իսրայէլի դէմ որեւէ յարձակումի դէմ դնելու: Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր իսրայէլեան...

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց  Կազայի Մէջ Մարդասիրական  Զինադադարներ Հաստատելու

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Կազայի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարներ Հաստատելու

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Մալթայի կողմէ ներկայացուած նախագիծը, որ Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարներ հաստատելու կոչ կ՛ուղղէ: Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած որոշումը կոչ կ՛ուղղէ հաստատելու «շարք մը օրերու համար բաւարար զինադադարներ եւ ընդարձակ ու շտապ մարդասիրական միջանցքներ ստեղծելու»` արտօնելու Կազայի մէջ քաղաքայիններուն մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը: Գրեթէ իր բոլոր պարբերութիւններուն մէջ մանուկներու կացութեան ակնարկող որոշումը կոչ կ՛ուղղէ` «բոլոր կողմերուն յարգելու միջազգային օրէնքին հիմամբ...

«Լեռնային Ղարաբաղի Ապագան»` Լսումներ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ

«Լեռնային Ղարաբաղի Ապագան»` Լսումներ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներ տեղի կ՛ունենան «Լեռնային Ղարաբաղի ապագան» նիւթով: Քոնկրեսի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն լսումներուն պիտի մասնակցի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընը:        

«Լեռնային Ղարաբաղի Ապագան»` Լսումներ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ

Միլլըր. «Լեռնային Ղարաբաղէն Հեռացած Մարդիկ Տուն Վերադառնալու Իրաւունք Ունին»

Արցախէն հեռացած մարդիկ իրաւունք ունին տուն վերադառնալու եւ այդ իրաւունքը պէտք է պահպանուի: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 14 նոյեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր: Լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ Քոնկրեսին մէջ տեղի ունենալիք լսումներէն առաջ կ՛ուզէ իմանալ, թէ ինչ կը պատրաստուին ըսել լսումներուն Լեռնային Ղարաբաղի ապագայի հարցով`...

Կարմիր Խաչի Միջազգային Յանձնախումբը Այցելած Է Պաքուի Կողմէ Ձերբակալուած Հայերու Մէկ Մասին

Կարմիր Խաչի Միջազգային Յանձնախումբը Այցելած Է Պաքուի Կողմէ Ձերբակալուած Հայերու Մէկ Մասին

Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբը նոյեմբերի սկիզբը այցելած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած հայերու մէկ մասին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Զառա Ամատունին: «Մենք կը շարունակենք տեսակցիլ բոլոր այն հայ անձերուն հետ, որոնք Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած են եւ որոնց անունները հաստատուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ: Խօսքը այն անձերուն մասին է,...

Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերն Ու Կեդրոնները

Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերն Ու Կեդրոնները

Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ բախումները շարունակուեցան իրենց «բնական» կշռոյթով, այլ խօսքով` օր մը առաջ բուռն ու սաստկացած բախումները աւելի նուազ թափով ընթացան: Մինչ այդ ամբողջ գիշերը իսրայէլեան հրետանին գնդակոծած էր Թէյր Հարֆան, Ալմա Շաապը, Նաքուրան, Տհայրան, Մարքապան, Ժըպպինն ու Եարինը: Կարգ մը շրջաններու վերեւ իսրայէլեան ուժեր արձակած էին նաեւ լուսաւորող ռումբեր: Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի...

6 Օր Պաշարելէ Ետք.  Իսրայէլեան Ուժերը Ներխուժեցին Կազայի Շիֆա Բժշկական Համալիր

6 Օր Պաշարելէ Ետք. Իսրայէլեան Ուժերը Ներխուժեցին Կազայի Շիֆա Բժշկական Համալիր

Իսրայէլեան ուժերը երէկ արշալոյսին ներխուժեցին Կազա քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Շիֆա բժշկական համալիր, որ 6 օրէ ի վեր պաշարած էին: Իսրայէլեան հրասայլերը արեւմտեան կողմէն ներխուժեցին համալիրի շրջափակ, ինչպէս նաեւ արձակազէններ դիրքաւորուեցան անոր մերձակայքը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ երեկոյեան նշեց. «Հակառակ մուտք չգործելու պահանջին, Շիֆա հիւանդանոց մուտք գործեցինք, որովհետեւ չկայ վայր մը ուր պիտի չհասնինք»: Ան հարաւային Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան բանակի...

Ռուստամեան. «Ազրպէյճան Չէ Հրաժարած 5 Ուղղութիւններով Իր Պահանջներէն»

Ռուստամեան. «Ազրպէյճան Չէ Հրաժարած 5 Ուղղութիւններով Իր Պահանջներէն»

«Ես չեմ կարծեր, որ Ազրպէյճանը հրաժարած է 5 ուղղութիւններով իր պահանջներէն», երէկ` 14 նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան: «Առաջինը կը վերաբերի սահմաններու յստակացման, որ Ազրպէյճանը կը պատկերացնէ իր ձեւով կատարել: Ազրպէյճանը յայտարարեց, որ այն դիրքերէն, ուր այսօր ինք կը գտնուի, չի պատրաստուիր նահանջել: Իսկ մեր կողմէ կը...

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Ժըպրան Պասիլ Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ընկերակցութեամբ հոսանքի քաղաքական հարցերու փոխնախագահ Մարթին Նաժմի, կազմակերպական հարցերու փոխնախագահ Ղասսան Խուրիի եւ երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուիի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, բաղկացած` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիէն, կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանէն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանէն: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին իրավիճակը, Կազայի...

Իսրայէլի Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Բախումները Բուռն Թափով Կը Շարունակուին

Իսրայէլի Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Բախումները Բուռն Թափով Կը Շարունակուին

Լիբանան Բողոք Կը Ներկայացնէ Ապահովութեան Խորհուրդին Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ բախումներուն ստացած բուռն կշռոյթը պատճառ կը դառնայ, որ պատերազմի ընդարձակման մտավախութիւնները շեշտուին: Այս իրականութեան դիմաց լուրջ եւ հետեւողական ջանքեր ի գործ կը դրուին` կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով: Ջանքերը ընդհանրապէս օտար պետութիւններու եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ ի գործ կը դրուին, որպէսզի Իսրայէլ ապահովական յաւելեալ մագլցումներու...

Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութեան Գոյացումը` Մօտալո՞ւտ

Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութեան Գոյացումը` Մօտալո՞ւտ

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ եւ Համաս կը մօտենան գործարքի մը, որուն ծիրին մէջ ազատ պիտի արձակուին 7 հոկտեմբերին Համասի կողմէ գերեվարուած կիներու եւ երեխաներու մեծամասնութիւնը: «Համաձայնութիւնը կրնայ քանի մը օրէն յայտարարուիլ, եթէ վերջին մանրամասնութիւնները լուծուին», ըսած է պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Գործարքի ընդհանուր գիծերը յստակացան եւ ճշդուեցան»: Ան ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին նշած է, որ սկզբունքային...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ

Երկուշաբթի, 13 նոյեմբեր 2023-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեց Ուաշինկթընի մէջ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած Հայ դատի գրասենեակը: Վեհափառի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` նաեւ կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանը, Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական ու...

Ակնարկ.  Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

Ակնարկ. Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

Ազրպէյճանի նախագահը  ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահին կազմակերպած ընդունելութեան  ընթացքին նշած է, որ իբրեւ թէ Ազրպէյճանը ներկայացուցած է համակեցութեան եւ վերադարձի իրաւունքի վերաբերեալ  յստակ եւ թափանցիկ ծրագիր, իսկ Հայաստանը մերժած է ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադառնալու իրաւունքը եւ այդ կապակցութեամբ որեւէ տեսակէտ չէ ներկայացուցած: Այս լրատուութեան մէջ քանի մը հանգամանք կայ, որ պէտք է լուսարձակի տակ առնել: Առաջինը այն է, որ Արցախի ժողովուրդի...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Եւրոպական Շարք Մը Պետութիւններու Ղեկավարներուն Հետ Հանդիպումներուն Շեշտած Են Արցախահայութեան Իրաւունքներու Լիակատար Պաշտպանութեան Առաջնահերթութիւնը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Եւրոպական Շարք Մը Պետութիւններու Ղեկավարներուն Հետ Հանդիպումներուն Շեշտած Են Արցախահայութեան Իրաւունքներու Լիակատար Պաշտպանութեան Առաջնահերթութիւնը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 10-11 նոյեմբերին Սպանիոյ Ընկերվար աշխատաւորներու կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ, Մալակային մէջ գումարուած է Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան (ԵԸԿ) համագումարը: Համագումարը միջկուսակցական այդ մեծ կազմակերպութեան գլխաւոր ժողովն է, որ կը ճշդէ կազմակերպութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան ուղենիշները, կ՛ընտրէ նոր ղեկավարութիւն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ դիտորդ անդամ, ԵԸԿ-ին կ՛անդամակցի 2015 թուականէն: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ...

Իսրայէլեան Բանակը Դարձեալ Կը Ռմբակոծէ Լրագրողները

Իսրայէլեան Բանակը Դարձեալ Կը Ռմբակոծէ Լրագրողները

Պատերազմական ոճիրներու մակարդակի մարտեր վարելու եւ վայրագ բռնարարքներ գործելու իր սովորութեան համաձայն, Իսրայէլ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին Եարունի մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց խումբ մը լրագրողներ, սակայն բարեբախտաբար առանց մարդկային լուրջ վնասներ պատճառելու: Միակ թեթեւօրէն վիրաւորուողը եղաւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Իսամ Մուասին: Լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու իսրայէլեան այս արարքը արժանացաւ համատարած դատապարտումի: Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր հարաւային Լիբանանի Հըլթա,...

Թեհրան. «Ուաշինկթընի Կողմէ Զինադադարի Հաստատման Խոչընդոտումը Պիտի Ընդլայնէ Ընթացող Պատերազմի Շրջագիծը»

Թեհրան. «Ուաշինկթընի Կողմէ Զինադադարի Հաստատման Խոչընդոտումը Պիտի Ընդլայնէ Ընթացող Պատերազմի Շրջագիծը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Շաֆա հիւանդանոցի իսրայէլեան շրջափակումն ու Կազայի մէջ բժշկական կեդրոններու թիրախաւորումը «լկտի ոճիր է»: «Իսրայէլ Կազայի մէջ որակելի ոճիրներ կը գործէ, եւ անոնց պատասխանատուութիւնը Միացեալ Նահանգները կը կրեն», նշեց նախարարութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց. «Ուաշինկթընի կողմէ զինադադարի հաստատման խոչընդոտումը պիտի յանգեցնէ ընթացող պատերազմի շրջագիծի ընդլայնման»: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իր...

Page 201 of 796 1 … 200 201 202 … 796

Արխիւներ