Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրպագութեան Ընծաներ

Յունուար 6, 2024
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ

«Տունը մտնելով` տեսան մանուկը իր մօրը` Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր…» Մատթ. 2.11

Կեանքը կը ճանչցուի իբրեւ պարգեւ, շնորհուած` Տէր Աստուծմէ:  Այս վեհ ըմբռնումով, մարդկային կեանքին մէջ տեղ կը գտնեն նուիրաբերման հարուստ կեցուածքներն ու արարքները:  Բոլոր տեսակի նուէրները, նուիրաբերումը, եւ նուիրուածութիւնը, իրենց հոգեւոր պարունակին մէջ, կը ներկայացնեն վեհանձնութեան բարձրագոյն աստիճանը:   Աստուծոյ արարչական ու փրկագործութեան շնորհն է բանալին այդ բոլորին, կեդրոնացած Յիսուս Քրիստոսի մէջ:

Տալն ու տրուիլը, եթէ ըլլան պարտադրուած, կը կորսնցնեն իրենց նուիրական իմաստը:  Նուէրներու փոխանակումը, եթէ պայմանաւորուած ըլլայ աշխարհիկ շահով կամ ակնկալութեամբ, կ՛իմաստազրկուի: Ստանալու նոյնիսկ անմեղ փափաքը, առանց տալու եւ տրուելու կոչումին կը սնանկացնէ մարդու հոգին:

Տէր Յիսուսի ծննդեան առիթով կը պատմուի արեւելեան կողմերէն հասած մոգերու այցելութեան մասին, նամանաւանդ անոնց երկրպագող կեցուածքին մասին, ինչպէս կը կարդացուի Մատթէոսի աւետարանին մէջ:  Ամէն բարիք սկիզբ կ՛առնէ հոգիի ճիշդ կեցուածքէն: Երկրպագութեան հոգիին կը յաջորդէ մոգերու ունեցած գանձը բանալն ու Յիսուս մանուկին երեք տեսակի ընծաներ ներկայացնելը:

Ոսկին կը խորհրդանշէ Քրիստոսի իշխանութիւնն ու թագաւորութիւնը մեր աշխարհին վրայ:  Քրիստոսի իշխանութիւնը իրական պիտի ըլլայ մեր կեանքի բոլոր ծալքերուն ու մարզերուն մէջ` անձնական, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ աւելին: Մենք պիտի խոնարհինք Անոր առջեւ մեր խօսքերով, կեցուածքներով, չափանիշներով եւ ունակութիւններով: Կնդրուկը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի աստուածութեան վեհութիւնը երկինքի մէջ: Փրկիչը, որ կը ծնի համեստ պայմաններու մէջ, կը ստանայ աշխարհի բարձր ընծաները, որովհետեւ Անոր էութիւնը երկնային է, յաւիտենական է, եւ երկինք ու երկիր միաժամանակ պիտի երկրպագեն Անոր: Մենք, շնորհակալ սրտով, պիտի կանգնինք Անոր վեհութեան առջեւ խոր ակնածանքով ու անսահման հիացմունքով: Զմուռսը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի զոհաբերութիւնն ու մարմնական մահը: Երկնային թագաւորը չի մարմնանար ձեւակերպութեան կամ ցուցադրութեան սիրոյն,  հապա խոնարհաբար կը մարմնանայ, կը մատնուի, կը չարչարուի, խաչը կը բարձրանայ, որպէսզի մարդը փրկէ իր մեղքի բնօրրանին մէջ, յուսահատը իր տանը այցելութեանը մէջ, հիւանդն ու տնանկը իրենց ցաւին մէջ, զրկուածը իր առանձնարանին մէջ, նոյնիսկ գոհունակը իր ժամանակաւոր ուրախութեանը մէջ:

Մոգերուն ընծաները օրինակ պիտի ծառայեն մեզի եւս:

Մեր օրերուն մէջ, միտք կը բերենք բոլոր անոնք, որոնք բնականոն մարմնական ու ընկերային կեանքի, պատմական հողի, հայրենի պատիւի, հանգիստի, խաղաղութեան, ազատութեան, կամ արդար իրաւունքի զրկանքին մէջ կը նշեն Փրկիչ ու Ազատարար Յիսուսի ծնունդը, մինչ կը խլուի իրենցմէ իսկական ընծաներու ուրախութիւնը:  Արցախի մեր հայրենակիցները զրկուած են իրենց պատմական հողէն եւ իրենց հոգիներու այնքան հարազատ կեանքէն:  Հայ աշխարհը կարօտ կը մնայ ապագայի կայունութեան երաշխիքի, Պաղեստինն ու միջինարեւելեան ժողովուրդները հեռու կը մնան խաղաղութեան արդար պայմաններէն, իսկ Լիբանանը կը տենչայ գտնելու իր հաւասարակշռութիւնը:

Ուստի մենք ունինք քրիստոնէական կոչում Փրկչին ծնունդը նշելու նուիրաբերութեան հոգիով ու գործերով:  Ի՞նչ ընծաներ պիտի ուզենք վայելել եւ ի՞նչ ընծաներ պիտի ուզենք սիրայօժար կերպով նուիրաբերել:

Երբ Տէր Յիսուսի ծնունդը կը նշենք, եկէք քննենք, թէ մեր նուիրաբերումը ո՞ւր կը կանգնի այսօր: Ի՞նչ ընծայ պիտի բերենք մեր Փրկչին, ինչպիսի՞ հաւատքով, աղօթքով, կամ վկայութեամբ: Ինչպիսի՞ սիրոյ ընծաներ պիտի բաշխենք մեր հարազատներուն, ինչպիսի՞ համբերութեամբ, ներողամտութեամբ կամ ընկերակցութեամբ:  Ինչպիսի՞ ընծաներ պիտի տանինք մեր հայրենիքին, ի՞նչ կերպով տէր պիտի կանգնինք մեր պատմութեան, հողին, պետականութեան եւ հոգեմտաւոր արժէքներուն: Եւ վերջապէս, ինչպիսի՞ նուիրուածութեամբ եւ յուսադրիչ ծրագրումով պիտի շարունակենք զարգացնել սփիւռքի հնարաւորութիւնները, միաժամանակ տեղական մեր շրջանակներուն մէջ բարձր պահելով հայու պատիւն ու բարի անունը:

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, նոյն Քրիստոսը, որուն տունը կը մտնենք երկրպագութեամբ հոգեւոր ընծաներ մատուցանելու, Ի՛նք է իսկական պարգեւը, շնորհելով մեզի այն սէրը, որ կը բանայ յաւիտենական կեանքի դռները:  Իսկ մեր բոլոր պարգեւները պիտի բխին Անկէ: Տանք ու տրուինք Իր սիրոյն:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ

 

Նախորդը

Անհասցէ Մաղթանքներս…

Յաջորդը

Սուրբ Ծնունդը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?