Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն Ու Թուրքիան Պիտի Քննարկեն Կազայի Պատերազմին Յաջորդող Օրը»

January 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Թուրքիան պիտի քննարկեն Կազայի պատերազմին յաջորդող օրը»:

«Ուր որ գացի տագնապի ծիրի ընդլայնումը արգիլելու վճռական ղեկավարներ գտայ», ըսաւ Պլինքըն` նշելով. «Թուրքիոյ, Յորդանանի, Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները համաձայնեցան Կազային օգնելու ջանքերուն ուղղութեամբ աշխատելու»:

Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկ Պլինքընի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ «չկայ աւելի դաժան եւ անհեթեթ բան», քան Միջազգային արդարադատութեան դատարան ներկայացուած հայցը, որով Իսրայէլ կը մեղադրուի Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինցիներու դէմ ցեղասպանական գործողութիւններ կատարելու յանցանքով:

Հերցոկ դատապարտեց  Հարաւային Ափրիկէն` Միջազգային քրէական դատարանին մէջ գործ յարուցելուն համար:

Իսրայէլի նախագահը Ուաշինկթընին շնորհակալութիւն յայտնեց Իսրայէլին աջակցելուն համար:

«Նիւ Եորք Թայմզ», վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Իսրայէլ սկսաւ անցնիլ Կազայի մէջ լայնածաւալ ցամաքային եւ օդային արշաւէն աւելի ճշգրիտ թիրախաւորման փուլ»:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Իշխող իսրայէլեան աջի գլխաւոր դէմքերը կը շարունակեն միջազգային ընտանիքէն անթաքոյց կերպով հնչեցնել փողը պատերազմին եւ զայն տարբեր ձեւերով երկարաձգել»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ կրկնել իր ձախողութիւնը` յարձակումը դադրեցնելու, քաղաքայինները պաշտպանելու կամ անոնց մարդկային հիմնարար կարիքները Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին համաձայն ապահովելու, եւ լուրջ ճնշում չի բանեցներ Իսրայէլի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ պատերազմը եւ յարգէ քաղաքայիններուն եւ անոնց կեանքերուն վերաբերեալ միջազգային օրէնքը:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ ինքնապաշտպանութեան պատրուակով Իսրայէլի աջակցած երկիրները կը շարունակեն տագնապն ու պատերազմը ղեկավարել, յաւելեալ ծածկոյթ ապահովել անոր երկարաձգման համար, կամ ալ կը փորձեն թաքնուիլ կոչերու ետին, որոնց իսրայէլացիները ականջ չեն տար:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ քննադատեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ Պենի Կանցի ղեկավարութեամբ «պաշտօնական ճամբար»-ին կոչ ուղղեց կառավարութենէն հեռանալու:

«Պենի Կանցը, Կատի Այզնքոթն ու Կիտէոն Սահերը պէտք է հեռանան այս կառավարութենէն, որ պատերազմի ղեկավարման յարմար չէ: Նեթանիահուն երկրի ղեկավարման ատակ չէ», ըսաւ Լափիտ` աւելցնելով. «Այս կառավարութիւնը վերածուեցաւ իսրայէլեան բանակին դէմ թունալից յարձակումներու հարթակ դարձած պատերազմի խորհուրդի», ըսաւ Լափիտ:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը գրեց, որ Կազա գտնուող շուրջ 136 գերիներու ազատ արձակումը կրնայ ամիսներ տեւել` աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ Իսրայէլն ու բանակը կրնա՞ն բոլոր գերիները վերադարձնել, հարցում մըն է, որ պատասխան չունի` նկատի ունենալով Համասի ներկայ պահանջները»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք երէկ այցելեց Գահիրէ եւ յայտարարեց, որ Եգիպտոսն ու Գերմանիան համաձայն են, որ Կազան եւ Այսրյորդանանը կը պատկանին պաղեստինցիներուն:

Անոր համաձայն, պատերազմէն ետք միջազգային ընտանիքը պարտաւոր է Կազայի մէջ անվտանգութիւն կազմակերպել, եւ բարեփոխուած Պաղեստինեան իշխանութիւնը ապագային պէտք է ծայրայեղ կարեւոր դերակատարութիւն ունենայ:

Պերպոք յայտարարեց, որ Կազայի մէջ պաղեստինցիներու տառապանքները չեն կրնար շարունակուիլ, եւ որոշակի քայլեր անհրաժեշտ են այնտեղ գտնուող մարդոց օգնութիւն հասցնելու համար:

«Նիւ Եորք Թայմզ», վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Իսրայէլ սկսաւ Կազայի մէջ լայնածաւալ ցամաքային եւ օդային արշաւէն անցնիլ աւելի ճշգրիտ թիրախաւորման փուլ»:

Նախորդը

Քուլեպա. «Ռուսիան Պիտի Յաղթէ, Եթէ Արեւմտեան Աջակցութիւնը Դադրի»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.