Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոնէն Նամակ` Միքաթիին

Մաքրոնէն Նամակ` Միքաթիին

Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ նամակ մը յղեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին: Մաքրոն նամակին ընդմէջէն ընդգծեց, որ Ֆրանսա` նկատի ունենալով Լիբանանի հետ իր ունեցած պատմական յարաբերութիւնները, կը բազմապատկէ իր ջանքերը` ամրապնդելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու անկախութիւնը: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա միշտ զօրակցած է այս նպատակներուն: Ֆրանսայի նախագահը անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու...

Քաթար. «Մեր Նպատակը Կազայի Մէջ Երկարատեւ  Մարդասիրական Զինադադարի Շուրջ  Համաձայնութեան Հասնիլն Է»

Քաթար. «Մեր Նպատակը Կազայի Մէջ Երկարատեւ Մարդասիրական Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութեան Հասնիլն Է»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադարի երկու օրով երկարաձգումը պիտի կատարուի նախկին նոյն պայմաններով, եւ իսրայէլեան բանտերէն անցնող չորս օրերու ընթացքին ազատ արձակուածներուն մօտաւոր թիւը 150 պաղեստինցի է»: «Չորս օրերու ընթացքին Կազայի մէջ կալանաւորուածներէն ազատ արձակուածներուն մօտաւոր թիւը 69 է, եւ Կազայի մէջ 69 արգելափակեալի դիմաց իսրայէլեան բանտերէն 150 պաղեստինցիներ ազատ արձակուեցան», ըսաւ ան` աւելցնելով....

Ակնարկ.  Քաթարեան Հանգուցակէտը  Եւ Միջին Արեւելեան Իրադարձութիւնները

Ակնարկ. Քաթարեան Հանգուցակէտը Եւ Միջին Արեւելեան Իրադարձութիւնները

Իսրայէլ-Համաս պատերազմի կանգառային այս փուլը հիմնականին մէջ գերիներու փոխանակման համար է: Փուլ առ փուլ կ՛իրականացուի համաձայնուած փոխանակումը: Փոխանակման առաջին փուլի ամբողջացումէն ետք, ըստ յայտարարութիւններու կը վերսկսին զինուորական գործողութիւնները: Այս տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ երկրորդ զինադուլը կը պայմանաւորուի գերիներու փոխանակման երկրորդ փուլով, երկու կողմերէն ազատ արձակելի գերիներու թիւերու շուրջ համաձայնութենէն ետք: Եւ այսպէս շարունակ: Թել Աւիւը յայտարարած է, որ պատերազմական գործողութիւնները պիտի...

«Հայաստանը Եղած Է Եւ Կը Մնայ ՀԱՊԿ-ի Դաշնակիցը.  Կտրուկ Եզրակացութիւնները Ընելը Անիմաստ Է»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

«Հայաստանը Եղած Է Եւ Կը Մնայ ՀԱՊԿ-ի Դաշնակիցը. Կտրուկ Եզրակացութիւնները Ընելը Անիմաստ Է» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան դաշնակիցը: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը: «Իմ կարծիքովս այս կացութենէն (ՀԱՊԿ-ի Մինսքի վեհաժողովէն Հայաստանի բացակայութենէն, «Ա.») կտրուկ եզրակացութիւններ ընելը անիմաստ է, Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ մեր դաշնակիցը: Ասով, կը կարծեմ ամէն ինչ ըսուած է: «Որքանով ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան յայտնի է, հայկական պատուիրակութեան...

Բժանիա. «Փաշինեանի Քաղաքականութեան Պատճառով  Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը Կորսնցուցին  Պետականութիւնը, Խախտուեցաւ Հայաստանի  Հանրապետութեան Տարածքային Ամբողջականութիւնը»

Բժանիա. «Փաշինեանի Քաղաքականութեան Պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը Կորսնցուցին Պետականութիւնը, Խախտուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Ամբողջականութիւնը»

Աբխազիոյ նախագահ Ասլան Բժանիան Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Աբխազիոյ գերիշխանութեան հակասող փաստ նկատած է եւ կոչ ուղղած հրաժարելու վրացամէտ հռետորաբանութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Աբխազիա»-ն: «Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ղեկավարութիւնը, Արեւմուտքի ազդեցութեան տակ, կ՛ընէ յայտարարութիւններ, որոնք կը հակասեն Աբխազիոյ Հանրապետութեան ընտրած ուղիին: «Հայաստանի վարչապետը իր վերջին յայտարարութեան մէջ պաշտպանած է «Վրաստանի միասնականութիւնը, գերիշխանութիւնը,...

Լը Տըրիանի Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան  Առընթեր` Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Իր Նիստը

Լը Տըրիանի Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան Առընթեր` Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Իր Նիստը

Մինչ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները կը սպասեն ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը հրաւիրեց ժողովի մը, որ պիտի գումարուի վարչապետարանին մէջ, չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2023-ին` քննարկելու համար կարգ մը հարցեր: Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն...

Համաձայնութիւն` Կազայի Մէջ Մարդասիրական  Ժամանակաւոր Զինադադարը Երկու Օրով Երկարաձգելու

Համաձայնութիւն` Կազայի Մէջ Մարդասիրական Ժամանակաւոր Զինադադարը Երկու Օրով Երկարաձգելու

Երէկ աւարտեցաւ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ ուրբաթ, 24 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-էն ուժի մէջ մտած զինադադարի եւ գերիներու փոխադարձ ազատ արձակման գործարքի 4-օրեայ ժամկէտը` ստեղծելով այն հարցականը, թէ զինադադարը պիտի երկարաձգուի՞, թէ՞ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները այսօր պիտի վերսկսին: Մինչ այդ, սակայն, երէկ երեկոյեան Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտարարեց ժամանակաւոր զինադադարի երկու օրով երկարաձգումը: Ան յստակացուց, որ...

Հայաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատուեցան

Հայաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատուեցան

25 նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան միջեւ ստորագրուած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Արձանագրութիւնը ստորագրուած է Ապու Տապիի մէջ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Սուլթան պըն Ապտալլա Անքարի կողմէ: Երկու երկիրները հաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ` առաջնորդուելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ համագործակցութեան ծիրը...

Փեսքով. «Գիտենք, Որ Կը Փորձեն Մեզ Ղարաբաղէն Դուրս Մղել, Սակայն Ռուսիայէն Բացի Ոչ Ոք Կրնայ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Նոյնպիսի Երաշխաւոր Ըլլալ»

Փեսքով. «Գիտենք, Որ Կը Փորձեն Մեզ Ղարաբաղէն Դուրս Մղել, Սակայն Ռուսիայէն Բացի Ոչ Ոք Կրնայ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Նոյնպիսի Երաշխաւոր Ըլլալ»

Արեւմտեան որոշ երկիրներ կը փորձեն ապակայունացնել Ղարաբաղի շուրջ կացութիւնը եւ շրջանին մէջ բացայայտօրէն կը պայքարին Ռուսիոյ դէմ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Կ՛երեւի 3, 4, 5 տարի առաջ նման պայքարը կը տարուէր դիւանագիտական դիմակներու ետին: Այժմ այդ դիմակները շատոնց արդէն նետուած են, եւ...

Ապտոլլահեան Հանդիպում Ունեցած Է Երեւանի Եւ Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպաններուն Հետ

Ապտոլլահեան Հանդիպում Ունեցած Է Երեւանի Եւ Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպաններուն Հետ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպաններուն հետ: Ան այս մասին յայտնած է «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ իր կատարած գրառումին մէջ: Կը հաղորդուի, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը: Նշուած է, որ Իրան ջանքեր կը գործադրէ երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար: «Հանդիպումին ընթացքին ես նշած եմ,...

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու Փոխանակումը 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու Փոխանակումը 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան ընթացքին արձանագրուած բախումներուն ընթացքին մահացած են շարք մը մարտական ղեկավարներ, որոնց շարքին են Քասսամի փաղանգներու զինուորական խորհուրդի անդամ եւ հիւսիսային Կազայի ջոկատի հրամանատար Ահման Ղանտուրը, Ուաէլ Ռաժապը, Ռաըֆաթ Սալմանը եւ Այման Սիամը: Քասսամի փաղանգները խոստացան շարունակել անոնց ուղին: Համաս շարժումն ու Իսրայէլը կիրակի գիշեր գերիներու փոխանակում կատարեցին: Համաս...

Ցաւակցութիւն` ՀՅԴ-ի Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անունով

Հաղորդագրութիւն

Մեծ զարմանքով եւ զայրոյթով հետեւեցանք Լիբանանի աշխատանքի նախարարին՝ Իսլամական երկիրներու համագումարին կատարած յայտարարութիւններուն։ Նախարարը անտեղի համեմատութիւն կատարեց լիբանանեան դիմադրութեան եւ «ազրպէյճանական դիմադրութեան» միջեւ՝ ոգեկոչելով Ազրպէյճանի «դիմադրութեան նահատակները»։ Այսու կու գանք հաստատելու, որ՝ -Ազրպէյճանի պատմութիւնը հարուստ է գրաւումներով, ջարդերով եւ ցեղային զտումներով, -Ազրպէյճանը ոչ թէ դիմադրող երկիր եղած է , այլ բռնագրաւող, որուն դէմ պաշտպանութեան դիմած է հայ ժողովուրդը եւ դիմած...

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցած Է  Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին Հետ

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստան-Քանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 24 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Քանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թըրնըրի հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Քանատա յարաբերութիւններու զարգացման շարք մը ուղղութիւններու վերաբերեալ: Իշխան Սաղաթէլեանը շնորհաւորած է դեսպան Թըրնըրը` Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպանութեան բացման առիթով եւ կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կայուն...

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

Երեւան Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Ներկայացնելու Համար Պաքուի Դէմ Գանգատ Կը Պատրաստէ

Հայաստանը Ազրպէյճանի դէմ միջպետական գանգատ կը նախապատրաստէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ` Արցախի գոյքային իրաւունքի վերականգնման հարցով: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնած է միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակի մամլոյ բանբեր Յասմիկ Սամուէլեան: Ան նշեց, որ հայցը պիտի ներկայացուի յառաջիկային, սակայն որոշակի ժամկէտ չնշեց:

Երեսփոխանական Գրասենեակի Ջանքերով Հայկական Կարգ Մը Շրջաններու Լուսաւորումի Աշխատանք

Երեսփոխանական Գրասենեակի Ջանքերով Հայկական Կարգ Մը Շրջաններու Լուսաւորումի Աշխատանք

Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախաձեռնութեամբ եւ երեսփոխանական գրասենեակի ջանքերով հայահոծ կարգ մը շրջաններու փողոցներու լուսաւորումի աշխատանքներու առաջին փուլը աւարտեցաւ, Մըզհեր-Պսալիմ շրջանին մէջ ելեկտրականութեան ԼԵՏ տիպի լոյսերու հաստատումով: Առաջին փուլին լուսաւորումի աշխատանքը կատարուեցաւ Պէյրութի Խալիլ Պատաուի-Ռըմէյլ թաղամասին մէջ, ապա Ֆանարի Լէյլաւան ժողովրդային բնակարաններու, իսկ երէկ աւարտեցան Մըզհերի շրջանի աշխատանքները: Նախանձախնդիր ըլլալով մեր ժողովուրդի հանգիստին եւ ապահովութեան` Երեսփոխանական գրասենեակը պիտի շարունակէ հասնիլ մեր...

Կազայի Մէջ Ժամանակաւոր Զինադադարի Համաձայնութիւնը Մուտք Գործեց Գործադրութեան Փուլ

Կազայի Մէջ Ժամանակաւոր Զինադադարի Համաձայնութիւնը Մուտք Գործեց Գործադրութեան Փուլ

Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումի միջեւ քաթարեան միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարը մուտք գործեց գործադրութեան փուլ: Ժամանակաւոր զինադադարի հաստատումէն ետք, տասնեակներով պաղեստինցի ընտանիքներ սկսան իրենց տուները վերադառնալ: «Շարք» հաղորդեց, որ ակամայ Արիշ շրջանին մէջ «բանտարկուած» 2000 պաղեստինցիներ կը պատրաստուին Կազա վերադառնալ: Սակայն իսրայէլեան ուժերը արգելք հանդիսացան պաղեստինցիներու վերադարձին: «Ժազիրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Ռանթիսի հիւանդանոցի...

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի  Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով

22 նոյեմբերը փառքի եւ հպարտութեան զգացումները հրահրող օր մըն է` ազատ հայրենիքի հաստատման տեսլականով  տոգորուած ազատութիւնն ու համակեցութիւնը ընտրած քաղաքացիներուն համար: Ու մենք` լիբանանցիներս, այս օրը կ՛ողջունենք  ու կ՛ոգեկոչենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներու ընթացքին զոհաբերութիւններ մատուցած են վասն այս հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին: Սակայն այս տարի այս օրը կը նշենք լիբանանցին տեսնելով զինք յուզող մտահոգութեան, անհանգստութեան ու դառնութեան մէջ:...

Զախարովա. «ՀԱՊԿ-ի Միջոցառումներուն  Մասնակցելէ Հրաժարիլը Հայ Ժողովուրդի  Շահերուն Չի Համապատասխաներ»

Զախարովա. «ՀԱՊԿ-ի Միջոցառումներուն Մասնակցելէ Հրաժարիլը Հայ Ժողովուրդի Շահերուն Չի Համապատասխաներ»

Հայկական կողմի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միջոցառումներուն մասնակցելէ հրաժարիլը չի համապատասխաներ հանրապետութեան ժողովուրդի շահերուն: 22 նոյեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Այդ որոշումը, ի հարկէ, ափսոսանք կը յառաջացնէ: Մենք չենք կարծեր, որ ատիկա կը համապատասխանէ հայ ժողովուրդի երկարաժամկէտ շահերուն եւ պիտի նպաստէ մեզի համար բարեկամ այդ երկրին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:...

Ազրպէյճան Կրկին Խախտած Է  Պայմանաւորուածութիւնը.  Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

30 Նոյեմբերին Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Տեղի Պիտի Ունենայ Սահմանազատման Հարցերով Յանձնախումբերու Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեանը դիմատետրեան իր էջին վրայ կը գրէ. «Ըստ նախնական համաձայնութեան, 30 նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի կողմէ` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի...

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Մինսքի  Վեհաժողովէն Ետք Պիտի Այցելէ Երեւան

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Մինսքի Վեհաժողովէն Ետք Պիտի Այցելէ Երեւան

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով Մինսքի մէջ կազմակերպութեան վեհաժողովէն ետք պիտի այցելէ Երեւան եւ հայկական կողմին յանձնէ Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ ստորագրուած փաստաթուղթերը, որպէսզի Հայաստանը անոնց միանայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ալէյնիք: «Ես հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ հայ գործընկերոջս հետ, քննարկած ենք, այլ հարցերու կողքին, այս հարցերը, որոշումներու կայացման գործիքակազմերը: Բոլոր...

Page 199 of 796 1 … 198 199 200 … 796

Արխիւներ