Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Յանուն Մեր Պահանջատիրութեան Սահմանադրականութեան (ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով)

January 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր ազգին ու պետականութեան համար գոյաբանական սպառնալիքներու ամէնէն ճակատագրորոշ փուլին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը տօնակատարէ իր հիմնադրութեան 133-ամեակը: Կորսնցուցած ենք մեր երկրորդ հանրապետութիւնը:   Ներխուժման ենթարկուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը. թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը սպառնայ հայաստանեան այլ տարածքներու գերիշխանութեան եւ կը շարունակէ նոր պայմաններ թելադրելու իր քաղաքականութիւնը:

Տեղահանուած է ամբողջ ժողովուրդ մը եւ ամբողջական հայաթափման ենթարկուած Արցախը: Առեւանգուած է ու գերեվարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Անյայտ կորած են, պատանդուած  ու ռազմագերիի կարգավիճակով կը պահուին հայոց բանակի զինուորները:

Հիմնովին խախտած է ներքին համերաշխութիւնը եւ չէզոքացուած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը: Խզուած են եկեղեցի-պետութիւն կապերը, անցանկալի յայտարարուած Հայ դատի աշխատանքներուն լծուած գործիչները:

Հայ դատականութիւնը ներկայացուած է իբրեւ ռազմատենչ ու ծայրայեղական գաղափարախօսութիւն: 29.800-ի թուանշային սահմանափակումներով հայրենիքի սահմանները նեղցած են, Արարատը դուրս եկած է մե՛րը սեպուող արժէքներու ցանկէն եւ յանուն «խաղաղասիրութեան», եղածը իբրեւ թէ պահելու խաբկանքներով կը շարունակուի զիջողական քաղաքականութիւնը պետական ամէնէն բարձր մակարդակներէն:

Այս հետեւողական արշաւը` միակողմանիօրէն զիջելու, սահմանադրական ամրագրումներու կ՛առաջնորդուի իշխանութիւններուն կողմէ: Խորհրդարանական համակարգ, յաւելեալ ժողովրդավարացում, տնտեսութեան հզօրացում եւ զարգացում կարգախօսները պարզապէս շղարշ են  հիմնականին մէջ հանելու համար գործող Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ տեղ գտած կարեւորագոյն յղումը` Անկախութեան հռչակագիրին:

Այդ յղումի վերացումով սահմանադրական իրաւազօրութիւն չեն ունենար`

– Համայն հայութեան իղձերու իրականացումը,
– Պատմական արդարութեան վերականգնումը,
– Արցախի վերամիաւորումը հայրենիքին,
– Մայիս 28-եան արժէքներու իրաւաժառանգորդութիւնը,
– Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին սատար կանգնիլը:

Համազգային այս արժեհամակարգային կէտերը ըստ էութեան ՀՅԴ Ծրագիրին հիմնադրոյթներն են, թէ՛ Առաջին Հանրապետութեան դաւանած արժէքներով առաջնորդուելու, թէ՛ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը առաջադրելու, թէ՛ տարածքային պահանջատիրութեան լծուելու եւ թէ՛ միացեալ Հայաստանը, առաջին հերթին, Արցախո՛վ կերտելու առումներով:

Սահմանադրական փոփոխութիւնը այս արժէքներուն դէմ յայտարարուած պայքար է: Այս վտանգը կը սպառնար նաեւ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ստորագրման պահուն, երբ Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ համախմբել ամբողջ ժողովուրդը, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ զանգուածային բողոքներով «ո՛չ» ըսաւ փրոթոքոլներուն:

Մեր ամբողջական պայքարի կիզակէտը ներկայ պահու դրութեամբ սահմանադրական յղումը պահպանելու անտեղիտալիութեան մէջ կը կայանայ: Դաշնակցութեան կը վերապահուի դարձեալ համազգային իրաւունքներէն հրաժարելու պատրաստ իշխանութիւններու այս փորձը ձախողցնելու պարտականութիւնը:

Որուն համար համաժողովրդային զարթօնք պէտք է: Վերջակէ՛տ դնելու այս զիջողականութեան: Մերժելո՛ւ նոր անձնատուութիւնը: Չենթարկուելո՛ւ նոր յանձնուողականութեան:

Լիբանանահայութիւնը մեր համազգային պահանջատիրութեան պայքարի առաջին դիրքերը չէ լքած: Ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն դէմ իր զանգուածային բողոքէն մինչեւ ազրպէյճանական դեսպանութեան դիմաց ցասումի հաւաքական գործողութիւններ, Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութիւնը վառ պահած է չզիջելու, թշնամիին ո՛չ ըսելու իր կամքն ու պայքարի ոգին:

Դաշնակցութիւնը, իր հիմնադրութեան 133-ամեակին, ամէնէն շատ կը դիմագրաւէ ա՛յս մարտահրաւէրը: Մեր համազգային իրաւունքներու սահմանադրականութիւնը պահպանելու սկզբունքին անտեղիտալիօրէն կառչած մնալու մարտահրաւէրը:

ՀՅԴ 133-ամեակը այս պայքարի յայտարարութեան պահն է:

Նախորդը

«Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան» Աւանդը Կ՛ապրի

Յաջորդը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.