Կազայի Մէջ Զինադադարը` Այսօր Առաւօտեան Ժամը 7:00-ին
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը պիտի սկսի այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Ան նաեւ նշեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը Ռաֆահի անցքին ճամբով անմիջապէս պիտի սկսի մուտք գործել Կազա: Համաս յայտարարեց, որ ըստ համաձայնութեան, ազատ պիտի արձակէ 19 տարեկանէն փոքր եղող 50 գերիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին դիմաց Իսրայէլ 3 պաղեստինցի կին եւ երեխայ գերիներ ազատ պիտի արձակէ: Նախքան...




















