Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համերաշխութեան Եւ Կրթութեան Նախարարի Ճաշկերոյթը՝ Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

January 26, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր՝ Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց համերաշխութեան եւ կրթութեան նախարար Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ-Նահեան ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Ս. Աթոռոյս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեան, թեմի ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, ազգային բարերար Արա Խանոյեան, թեմի բարերար Վահէ Թուխմանեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքին միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։ Յատկանշական է յիշել, որ ճաշկերոյթին միացան նաեւ Իրաքի նախկին նախագահ Պարհամ Սալէհ, զանազան երկիրներու դեսպաններ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։

Նախարար Նահեան ջերմ սիրով ընդունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը։ Նշենք, որ նախարարը ծանօթ է Վեհափառ Հայրապետին 2016 թուականէն ի վեր։ Հայրապետն ու նախարարը միասնաբար բացումը կատարած են Ազգային Առաջնորդարանին եւ Խանոյեան միօրեայ վարժարանին։ Ճաշկերոյթէն ետք, Նորին Սրբութիւնը յիշեց իր եւ նախարարին միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը, անոր զօրակցութիւնը առաջնորդ սրբազան հօր եւ Էմիրութեանց հայ համայնքին։ Հայրապետը նաեւ յիշեց իր եւ նախարարին մասնակցութիւնը Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած համակեցութեան միջազգային համագումարին, ուր Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ գնահատած էր նախարար Նահեանի աշխատանքը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ։ Յիշելով այս դէպքը, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ Շէյխ Նահեան նոյն նուիրումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց, որ հայ համայնքը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ միշտ եղած է զօրավիգ կրօններու ու մշակոյթներու համակեցութեան։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յուշանուէր մը յանձնեց նախարարին։

https://www.facebook.com/CiliciaTv/posts/pfbid02euhDbpevCdhf9f6nni3ZD3d8H3Nke8Ay3JyuopPvM71XH7movESitmJw2H7XH6fGl

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 63-րդ Առցանց Լսարան. «Սփիւռքը Յաջողեցաւ Միջազգայնացնել Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը» Շեշտեց Դոկտ․ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Ձմեռը Ցուրտ Կ՛ըլլայ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.