Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հրապարակած այն յօդուածը, թէ ինք կը փափաքի քաղաքական ասպարէզը լքել, զուտ վերլուծումներ են, որոնք անտեղի են, «որովհետեւ Միքաթի պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, յատկապէս` Լիբանանի դիմագրաւած այս անկիւնադարձային կացութեան ընթացքին»:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի դեսպաններ Ուալիտ Պուխարիի եւ Մուժթապա Ամանիի միջեւ հանդիպումը դրական եւ մտերմիկ գնահատուեցաւ, ինչպէս նաեւ անոր տրուեցաւ այն իմաստը, թէ Ռիատ կը փափաքի Թեհրանը գործակից դարձնել` Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի աշխատանքներուն:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց դեսպան Պուխարին:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսա:
Մեկնումի պահուն Մուսա յայտնեց, որ հանդիպումը առիթ մըն էր ընդգծելու Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի միացեալ կեցուածքը` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներն ու մարտահրաւէրները անհրաժեշտ կը դարձնեն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելը:
Մուսա յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ Պըրրիի միջեւ ծրագրուած այսօրուան հանդիպումը յետաձգուած է, որպէսզի բոլոր դեսպաններուն ժամադրութիւնը աւելի լաւ կարգաւորուի:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Պըրրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկման խորհրդարանի նիստին:
Հարաւային Լիբանանի Սահմանին
Հարաւային Լիբանանի սահմանը շարունակեց մնալ ռմբակոծումի եւ ապահովական մագլցումներու ենթակայ:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն լը Քորնիւ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Փարիզ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանային մագլցումները կանխարգիլելու եւ մղելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Ռամիա, Այթա Շաապ, Եարուն, Մարուն Ռաս, Շիհին, Մըրուահին, Թէյր Հարֆա, Ուազզանի, Եարին, Ալմա Շաապ եւ Տհայրա շրջաններն ու Համամեսի բարձունքները:
Իրենց կարգին, Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Իվեն Մենախեմ բնակեցման վայրին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը` պատճառելով մարդկային վնասներ:
Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց նաեւ իսրայէլեան Քոպրա բարձունքը` պատճառելով ուղղակի հարուածներ եւ նիւթական հսկայական վնասներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները
համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած են իսրայէլեան Մայրուն դիրքը` իբրեւ պատասխան Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքայինները թիրախ դարձնելու գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի գիւղաքաղաքներն ու բնակարանները ռմբակոծելու իսրայէլեան արարքներուն:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Հայտար Հիւսէյն Իպրահիմ միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին: