Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Նախագահ. «Պէտք Է Ձեռնարկենք Բոլոր Անհրաժեշտ Քայլերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Երկարաժամկէտ Խնդիրները Հասցէագրելու Համար»

January 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիագումար նիստի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումին պատճառով Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մենք ականատես եղանք յաւելեալ մարդասիրական ճգնաժամի մը, որ կ՛առնչուի տասնեակ հազարաւոր մարդոց: Այս սուր մարդասիրական ճգնաժամը վերածուեցաւ շրջանէն հայ բնակչութեան զանգուածային արտագաղթի: Մենք պէտք է ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու երկարաժամկէտ խնդիրները հասցէագրելու համար:

«Նոյն ժամանակ, անցեալ սեպտեմբերի իրադարձութիւններուն պատճառով Հայաստանի աճող եւ հրատապ կարիքները պէտք է պատշաճ եւ համարժէք լուծում ստանան», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով ըսած է Կիպրոսի նախագահը:

Ան յայտարարած է, որ Կիպրոսը կ՛աջակցի Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման խաղաղ հոլովոյթին, ինչ որ, անկասկած, պիտի նպաստէ շրջանի երկարաժամկէտ կայունութեան եւ զարգացման:

«Նման զարգացումը դիւրացնելու եւ խրախուսելու որեւէ խթան պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած եւ մանրակրկիտ ծրագրուի եւ գործադրուի», ըսած է ան:

Նախորդը

Խորհրդարանը 2024-ի Պետական Ամավարկի Քննարկման Օրէնսդրական Իր Նիստերը Սկսաւ Գումարել Ելեկտրականացած Մթնոլորտի Մէջ

Յաջորդը

Ապու Տապիի Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպանատուները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.