Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 63-րդ Առցանց Լսարան. «Սփիւռքը Յաջողեցաւ Միջազգայնացնել Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը» Շեշտեց Դոկտ․ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

January 26, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 25 յունուար 2024-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին։ Նիւթ՝ «Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքը»։

Դասախօսն էր միջազգայնագէտ եւ Արժանթինի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան խորհրդական դոկտ․ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։

Լսարանին մասնակցեցան «Ազդակ»-ի  45  լսարանականներ։

Դոկտ․ Տէր Ղուկասեան պարզեց նիւթը, որ մարտահրաւէրային է, նկատի ունենալով, որ կ՛արծարծէ նախ թէ սփիւռքի օրակարգը ի՛նչ է եւ թէ սփիւռքը ինչպէ՛ս կրնայ Արցախը ներառել իր օրակարգին։ Յստակացուց, որ հեռու պէտք է մնալ այն պատրանքներէն, որ սփիւռքը  լուծում պիտի բերէ Արցախի հարցին։ Ներկայացումը, ըստ դասախօսին, սփիւռքէն ընկալում մըն է, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ։

Ապա դոկտ․ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան 1988-էն սկսեալ արցախեան հակամարտութեան կարեւորագոյն փուլերուն նկատմամբ սփիւռքի ընկալումի եւ տարբեր եղանակներու արձագանգումներուն մասին խօսեցաւ։

Ան համեմատութիւններ կատարեց Ցեղասպանութեան հարցի միջազգայնացման քաղաքականացման գործընթացներուն եւ այդ առումներով սփիւռքի արձանագրած համաշխարհային աշխատելաեղանակին։

Դասախօսը խօսեցաւ տարբեր բնոյթի դժուարութիւններու մասին եւ հաստատեց, որ Արցախի հարցը սփիւռքի օրակարգին վրայ կու գայ՝ իբրեւ մաս Ցեղասպանութեան շարունակման։

Դասախօսութեան աւարտին զարգացաւ շատ հետաքրքրական քննարկում։ Արտայայտուեցան, դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան, Սօսի Փոլատեան, Մաթիկ Էպլիղաթեան, Թամար Շահինեան, դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան, դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան եւ դոկտ․ Աբել քհնյ․ Մանուկեան։

63-րդ առցանց լսարանի ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքին վրայ։

Յղումը՝ https://youtu.be/YjHCraOY1XI

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (26 Յունուար 2024)

Յաջորդը

Համերաշխութեան Եւ Կրթութեան Նախարարի Ճաշկերոյթը՝ Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.