Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին սկսաւ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը քննարկելու օրէնսդրական նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ նախարարի պաշտօնակատարներուն, որոնցմէ բացակայեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ` վիրահատումի ենթարկուած ըլլալուն պատճառով:
Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով երեք նախկին երեսփոխաններ Մոհամետ Պայտունի, Մոհամետ Եաղիի եւ Էլի Աունի մահուան յիշատակը:
Պետական ամավարկին մասին խօսք առնող բոլոր երեսփոխանները քննադատեցին կառավարութեան կողմէ մշակուած ամավարկի նախագիծը, իսկ ոմանք զայն նկատեցին գործարկման ամավարկ:
Ապա ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան պէտք էր կարդար տեղեկագիրը, սակայն անիկա ընդհատուեցաւ փոփոխութեան երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆի կողմէ արտասանուած այն նախադասութեամբ, որ երբ նախագահական դատարկութեան փուլ կայ, առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելը պէտք է ըլլայ:
Պըրրի հաստատեց, որ Խալաֆ խօսք առնելու իրաւունք չունի` ընդգծելով, որ զայն չի փափաքիր դահլիճէն դուրս հրաւիրել, որպէսզի չհերոսանայ:
Պըրրիի եւ Խալաֆի միջեւ բանավէճը ելեկտրական մթնոլորտ մը յառաջացուց խորհրդարանին մէջ, եւ տարբեր երեսփոխաններուն միջեւ արձանագրուեցան բանավէճեր, վարկաբեկումներ եւ ցեխարձակումներ:
Ապա կացութիւնը կարելի եղաւ հակակշռել, եւ Քանաան կարդաց յանձնախումբին պատրաստած տեղեկագիրը, որուն շրջագիծին մէջ ան յայտնեց, թէ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը նշմարած է, թէ կառավարութեան կողմէ խորհրդարան փոխանցուած պետական ամավարկի նախագիծը երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերու բարելաւման պատկերացում չ՛ընդգրկեր:
Քանաան յայտնեց, որ առանց նիւթական հաշիւներու պետական ամավարկ ներկայացնելը սահմանադրական խախտում է` աւելցնելով, որ հաշիւներ չունեցող պետութիւնը նաեւ պատիւ չունեցող պետութիւն կը նկատուի:
Պըրրի պահանջեց Քանաանի այս վերջին արտայայտութիւնը ջնջել նիստին ատենագրութենէն:
Ապա Մըլհեմ Խալաֆ դարձեալ խօսք առաւ` հաստատելով, որ ինք կը մերժէ սահմանադրութիւնը խախտել, եւ իբրեւ այդպիսին հերոսաբար կ՛ուզէ ձգել դահլիճը:
Խալաֆի դահլիճէն դուրս գալէն ետք, երեսփոխան Քապալան Քապալան յայտնեց, որ իրենք կը հաստատեն հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը, «սակայն միաժամանակ կը հաստատենք, որ խորհրդարանը օրէնսդրական օրինաւոր նիստի մէջ կը գտնուի, իսկ նիստը ոչ օրէնսդրական նկատող կեցուածքները հերետիկոսութիւններ են», աւելցուց ան:
Ապա խօսք առաւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան, որ խստիւ քննադատեց 2024-ի պետական ամավարկի ծրագիրը:
Ան շեշտեց նաեւ, որ անիմաստ է պետական ամավարկի նախագիծ քննարկել, եթէ հայրենիքին կայունութիւնը չէ երաշխաւորուած: Ան շեշտեց, որ պէտք է պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը պետութեամբ սահմանափակել:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլին պատասխանատուութիւնը խորհրդարանին վրայ կը բարդուի` դիտել տալով, որ կարելի չէ կառավարութիւնը անդամալուծել` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իբրեւ միջոց:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, անդրադառնալով հանդերձ պետական ամավարկին, շեշտը դրաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի միջեւ տարակարծութեան եւ գժտութեան` հաստատելով, որ Միքաթի կրակին վրայ ձէթ թափած է այդ իմաստով:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ Սլիմ պարզապէս կը փորձէ օրէնքները գործադրել:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց, որ պատերազմի որոշումը սիոնական գոյացութեան մօտ կը գտնուի, իսկ այդ պատերազմը կասեցնելու որոշումը` Միացեալ Նահանգներուն: «Մեր ունեցածը պարզապէս ինքնապաշտպանութեան իրաւունքն է», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Միշել Մուաուատ իր խօսքը ուղղելով Միքաթիին հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները ոչ ոք կրնայ իւրացնել:
Մուաուատ յայտնեց, որ պետական ամավարկի այս նիստը պարզապէս վատագոյնը վատ մակարդակի նուազեցնելու փորձ մըն է:
Երեսփոխան Ռաժի Սաապ հաստատեց, որ առկայ պետական ամավարկը պատերազմի մէջ եղող երկրի մը պետական ամավարկը չէ` աւելցնելով, որ պահանջուածը այն է, որ Լիբանան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն մը ստորագրէ:
Մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00 տեւած ցերեկային նիստը շարունակուեցաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Երեսփոխան Միշել Տահեր կոչ ուղղեց քաղաքական պատասխանատուներուն պարագային դրամատնային գաղտնիութեան վերջ տալու, որպէսզի կարելի ըլլայ մսխումի աղբիւրը բացայայտել եւ ժողովուրդին գումարներուն տէր կանգնիլ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ պետական ամավարկի նախագիծին վաւերացումը օրէնսդրական աշխատանքին հիմքն է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է աղէտալի ամավարկ մը, որ բարեկարգումի ծրագիր կամ պատկերացում չի բովանդակեր:
Պասիլ նշեց, որ պետական ամավարկը երկու օրերու ընթացքին պիտի վաւերացուի այնպէս, ինչպէս վաւերացուեցաւ յանձնախումբին կողմէ` «ընդունինք զայն կամ ոչ: Ճիշդ է, որ ամավարկին մէջ հիմնական բարեփոխումներ կատարուեցան, սակայն այսուհետեւ բարեկարգումի ծրագիր չընդգրկող ամավարկերը պէտք է մերժել:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այյուպ հաստատեց, որ 2024-ի պետական ամավարկը ներկայ իշխանութեան նման է եւ անիկա կը հարուածէ օրէնսդրական ու գործադիր իշխանութիւններուն միջեւ բաժնող գիծը:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ իր խօսքը ուղղելով Պըրրիին յայտնեց, որ գնդակը կը գտնուի անոր դաշտին մէջ` աւելցնելով, որ պահանջուածը անոր կողմէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութեան նիստի մը հրաւիրելու քայլն է:
Միքաթի իր կարգին յայտնեց, որ կառավարութիւնը հարց չունի ընդունելու պետական ամավարկի նախագիծին վրայ գործադրուած բարեփոխումները:
Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքով կասեցուց փլուզումը` աւելցնելով, որ ապաքինման փուլը պաշտօնապէս սկսած է:
Միքաթի նկատել տուաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը կը փափաքի, որ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերահաստատուին` աւելցնելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու, «սակայն Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ այդ բանաձեւին գործադրութիւնը խախտող իր բոլոր քայլերուն», շեշտեց ան:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր կոչ ուղղեց մշակելու ծրագիր մը, որ կը պայքարի տուրքերը վճարելէ փախուստ տուող անհատներուն դէմ:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Յաւելուած արժէքի տուրքին աճ արձանագրելուն պարագային անիկա իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ արտադրութիւններու սակերուն վրայ:
Փոփոխութեան երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը վկայեն այնպիսի դրամատուներ, որոնք «զոմպի»-ներու կը նմանին` իրենց շահերը դիզելով, «իսկ քաղաքացիները իրենց պահ դրուած գումարները չեն կրնար ստանալ, իսկ պետական մարզի պաշտօնեաները սպառած են: Հետեւաբար այս ընթացքը պետութիւնը հարուածելու եւ զայն լուծարելու ընթացք է», ըսաւ ան:
Ուշ երեկոյեան խօսքեր առին նաեւ երեսփոխաններ Ատիպ Ապտել Մեսիհ եւ Էլիաս Ժրատէ:
Խորհրդարանը օրէնսդրական իր նիստը կը շարունակէ այսօր:
Հարաւային Լիբանանի Սահմանին Վրայ
Զինուորական Գործողութիւնները Կը Շարունակուին
Ապահովական իմաստով, Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումները շարունակուեցան:
Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան «Ուալա» կայքը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը նախապատրաստական աշխատանք կը տանի` Մայրուն դիրքին դէմ Հըզպալլայի ռմբակոծումներուն պատասխանելու:
Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Ժմայժմէ, Ռումին, Հումին, Լապպունէ, Քֆարքիլա, Նաքուրա, Ռաշայա Ֆըխխար, Ֆարտիս, Հապպարիէ, Եարուն եւ Շեպաա շրջանները:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Խըրպեթ Մայեր դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Դիմադրութիւնը խումբ մը հրթիռներով թիրախ դարձուց նաեւ իսրայէլեան Մայրուն դիրքը:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած են Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան զինուորական դիրք մը:
Հըզպալլա հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց Պայատ Պլիտա դիրքը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն խմբաւորումը:
Դիմադրութեան մարտիկները երեկոյեան ժամը 6:30-ին ռմբակոծեցին Սըմմեքայի դիրքը:


