Կիրակի, 21 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Տասը օրուան այս այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Ապու Տապին, Տուպայը եւ Շարժան: Այս ընթացքին, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, թեմական ու համայնքային զանազան մարմիններու ու կառոյցներու եւ միջեկեղեցական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու հետ:
Ապու Տապիի օդակայանին մէջ վեհափառ հայրապետին պաշտօնական դիմաւորութեան ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆուատ Տանտան Շեհապ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Գրիգորեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեան, ազգային բարերար Արա Խանոյեան եւ այլ ազգայիններ: Ապա, վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպաններուն, Ազգային երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն հետ:
Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանան կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ կաթողիկոսարանի միջկրօնական յարաբերութեանց վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:


