Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 88-ի Շարժման Ոգիով Պահպանել Սահմանադրութիւնը (Արցախեան Շարժման 36-Ամեակ)

February 17, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

88-ի շարժումը` Արցախի միաւորումը առաջադրող, ըստ էութեան նաեւ համազգային համախմբում էր: Ստեփանակերտէն Հայաստան եւ ապա սփիւռքեան իւրաքանչիւր համայնք` ամբողջ հայկական աշխարհը համախմբուեցաւ մէկ նպատակի շուրջ: Փրկել Արցախը եւ այդ փրկութիւնը իրականացնելու համար պահանջել անոր վերամիաւորումը մայր հայրենիքին:

Շարժումը վերափոխուեցաւ ինքնապաշտպանութեան մարտերու, ազատամարտի, ազատագրութեան եւ ի վերջոյ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ երկրորդ հանրապետութեան հիմնադրութեան: Վերջնանպատակը մնաց նոյնը` վերամիաւորում Հայաստանի Հանրապետութեան:  Վերամիաւորումը գաղափարաքաղաքական իմաստ ունի: Վերստին միացումը հայրենիքին կ՛ենթադրէ, որ Արցախը  նախապէս մաս կազմած է Հայաստանին: Եւ պատմական արդարութեան վերականգնման համար պէտք է վերստին միանայ մայր Հայաստանին:

Այս առաջադրանքները բանաձեւուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Այսպէս` «կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի, «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ»:

Մեր արդի պետութիւնը անկախացած է ուրեմն ըստ էութեան Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի համատեղ որոշումին հիման վրայ, որ վերամիաւորումն է: Եւ դարձեալ շեշտենք. պատահականօրէն չէ, որ օգտագործուած չէ միաւորում բառը, այլ` վերամիաւորումը, իրաւականօրէն ամրագրելու համար նախապէս արձանագրուած ամբողջականութիւնը:

Այսօր ի սպառ կը բացակային 88-ի մթնոլորտը, իրականացուցած համախմբումը, յառաջացուցած համահայկական օրակարգը եւ բոլոր հատուածներով նպատակաուղղուած աշխատանքը: Ճիշդ հակառակը, փլուզուած է ներհասարակական համերաշխութիւնը, հարուածուած է այդ ամբողջութիւնը պահպանող հիմնական երաշխիք բանակը, գլխիվայր շրջուած է արժէքային համակարգը:  Սասանուած է անկախ պետականութեան հիմքը կազմող վերամիաւորումի սկզբունքը:

88-ի շարժումի գաղափարախօսութիւնը վերաիմաստաւորելու առաջին գործողութիւնը աներկբայօրէն պէտք է ըլլայ այս իրաւադրոյթի սահմանադրականութիւնը պահպանելը: Մերժել` սահմանադրութեան նախաբանային յղումի վերացումը:

Պետականութեան առումով գոյաբանական իմաստ ստացած այս առաջադրանքին շուրջ պէտք է վերստեղծել 88-ի մթնոլորտը: Հայաստանի մէջ ազգային ուժեր, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող արցախեան կազմակերպութիւններ եւ սփիւռքի քաղաքական գործօնի անխտիր բոլոր բաղադրիչները անպայման պիտի գան այն եզրակացութեան, որ նոր շարժում պէտք է նախ վերամիաւորման գաղափարին շուրջ համախմբելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները համակարգելու:

Առաջին քայլը ուրեմն հայկական եռանկիւնին վերականգնումն է: Վերականգնուած եռանկիւնը, հռետորական հնչեղութեամբ եռամիասնութիւնը առաջնային համակարգ պիտի ունենայ Սահմանադրութեան փոփոխութեան «Ո՛չ» ըսելը: «Ո՛չ»-ի շարժումը հայրենի ժողովուրդին կողմէ, որ պիտի զգայ նեցուկը Արցախի վտարանդի դարձած ժողովուրդին եւ սփիւռքեան բոլո՛ր ուժերուն:

Ցիւրիխեան արձանագրութիւներէն շատ աւելի հեռուները գացող իրավիճակի շեմին ենք ազգովին: Փրկութեան առաջին քայլը պիտի ըլլայ Սահմանադրութեան փոփոխութեան մերժումի սկզբունքին շուրջ համահայկական համաձայնութիւնը:

Ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն դէմ միաւորուեցաւ հայրենի, Արցախի եւ հայկական սփիւռքի ժողովուրդը: Օրին, Երեւանի ներկայացուցիչները զգացին ժողովրդային ճնշումը: Գծուեցան կարմիր գիծերը Սահմանադրական դատարանին կողմէ, որովհետեւ գործող Սահմանադրութիւնը յղում կատարած էր Անկախութեան հռչակագիրին, ուր ամրագրուած էին համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական իրաւունքներու վերականգնման, մայիսքսանութեան աւանդներու շարունակման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու եւ Հայաստան-Արցախ վերամիաւորումը առաջադրելու ձեւակերպումները:

Հիմա պահն է անկախ պետականութեան ակունքներու իրաւականութիւնը պահպանելու: Պահն է 88-ի շարժման ոգին վերականգնելու:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 144-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.