Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպած Է Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին

February 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը 9 փետրուարին հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Քանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրիւ Թըրների հետ: Տէր Խաչատուրեան շնորհաւորած է 2023 թուականի հոկտեմբերին Երեւանի մէջ քանատական դեսպանատան բացման առիթով, ինչ որ պիտի նպաստէ Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման:

Հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կողմէ բարձրացուած հիմնական հարցերը կը վերաբերէին Քանատայէն առկայ ակնկալիքներուն` նկատի ունենալով Ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններու միջոցով Արցախի ցեղային զտումը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, յատկապէս ազրպէյճանական սպառնալիքները, Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք փաստացի ներխուժումն ու բռնագրաւումը եւ այլն:  Մտահոգութիւններ հնչած են նաեւ Քանատայի կառավարութեան` Թուրքիա ռազմական արհեստագիտութեան արտահանման արգելքը վերացնելու մասին վերջին որոշման վերաբերեալ: 2020 թուականի հոկտեմբերի սկիզբին Օթթաուան կասեցուցած էր դէպի Թուրքիա ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտահանման թոյլտուութիւնները` մասնաւորապէս այն սարքաւորումները, որոնք Թուրքիան կ՛օգտագործէր իր անօդաչու թռչող սարքերուն մեջ, որոնք ալ այնուհետեւ կ՛ուղարկուէին դէպի Ազրպէյճան եւ կ՛օգտագործուէին 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ հայերը թիրախաւորելու համար:

Դեսպան Թըրները վերահաստատած է իր կառավարութեան դիրքորոշումը առ այն, որ պէտք է յարգուի Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, եւ որ Քանատան վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչի վկայութիւնն է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան մասնակցելու իր որոշումը` ի պատասխան Հայաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնական խնդրանքին: Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը տեղակայուած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի հայկական կողմը 2022 թուականի հոկտեմբերէն` նպատակ ունենալով նպաստել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բնակչութեան եւ, կարելիութեան պարագային, անոնց իշխանութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման:

Քանատայի դեսպանը նաեւ վերահաստատած է, որ քանատացի արտահանողներուն ծանուցուած է առ այն, որ նոր պաշտպանական արտահանման համար դիմումները կը պահանջեն հաւաստիացումներ Թուրքիայէն, ուր կը նշուի, որ արդեօք տրամադրուած արհեստագիտութիւնը պիտի վերաարտահանուի երրորդ կամ ՕԹԱՆ-ի անդամ չհանդիսացող երկիրներ, եւ արդեօք անոնք պիտի ներառուի՞ն  սպառազինութեան մէջ:

90 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումը աւարտեցաւ երկուստեք պատրաստակամութեամբ` շարունակելու նման հանդիպումները ապագային եւ կարելիութեան պարագային համագործակցելու փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններով` տարբեր ոլորտներու մէջ ամրապնդելու Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը եւ Քանատայի դեսպանատան քաղաքական խորհրդական Ահարոն Քոուն:

Նախորդը

Այսօր Պրիւքսելի Մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան Խորհուրդի 5-րդ Նիստ

Յաջորդը

Ակնարկ. Հիւսիս-Հարաւը Եւ Սիւնիք-Թաւրիզը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.