Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Հանդի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանական Սադրանք. 4 Զոհ Եւ 1 Վիրաւոր` Հայկական Կողմէն

Փետրուար 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքու Կը Պնդէ, Որ Հաւատարիմ Է Խաղաղութեան Հոլովոյթին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները, թէ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու ձեռնարկած քայլերը մագլցումի պատրուակ են, ամբողջովին անհիմն են: Այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Զինուորական այն սադրանքէն ետք, որ յանգեցուցած է ազրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորման, ազրպէյճանական կողմը վերացուցած է հայկական դիրքէն բխող վտանգը: Այս միջոցը զուտ պատասխան գործողութիւն էր: Ազրպէյճան հաւատարիմ է խաղաղութեան հոլովոյթին եւ հայկական կողմին կոչ կ՛ուղղէ խուսափելու զինուորական մագլցումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել այդ ուղղութեամբ ջանքերը», նշած է նախարարութիւնը:

Երէկ Ներքին Հանդի հատուածի մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու կրակոցին պատճառով հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ժամը 5:30-էն սկսեալ, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

 «Ազրպէյճանը Պատրուակներ Կը Փնտռէ
Սահմանային Լարուածութիւն Ծաւալելու Համար»

Ազրպէյճանական կողմի յարձակողական գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ սահմանային լարուածութիւն ծաւալելու համար Ազրպէյճանը կը փնտռէ պատրուակներ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

«13 փետրուարի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի, Կապան խոշորացուած համայնքի Ներքին Հանդ բնակավայրի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու հերթական սադրանքի եւ ուժի կիրարկման պատճառով հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ մէկ վիրաւոր:

Հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասու մարմիններու` 12 փետրուարի հաղորդագրութեան, որ նոյն օրը ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակուած պատկերները եւ տեղեկութիւնները, թէ Կապանի հատուածին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքապահները ազրպէյճանցի զինուոր մը վիրաւորած են, կը հետաքննուին, ազրպէյճանական կողմը 13 փետրուարի առաւօտեան յարձակողական գործողութիւններ իրականացուցած է: Սա ցոյց կու տայ, որ սահմանային լարուածութիւն ծաւալելու համար Ազրպէյճանը կը փնտռէ պատրուակներ:

Ուժի կիրարկման այս գործողութիւններուն նախորդած էին Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերու տեղեկատուական-քարոզչական նախապատրաստական աշխատանքները: Ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը շարունակաբար փորձ կ՛ընէ վիժեցնելու Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ եւ անվտանգութեամբ շահագրգիռ դերակատարներու ջանքերը` վերսկսելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները:

Խստօրէն կը դատապարտենք ռազմական սադրանքներու դիմելու ազրպէյճանական այս գործողութիւնները, կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու իրավիճակը ապակայունացնող քայլերէն եւ վերադառնալու բանակցութիւններու:

Անգամ մը եւս կը վերահաստատենք հայկական կողմի նախորդիւ հնչեցուցած առաջարկները` իրականացնելու սահմանային անվտանգութեան բարձրացման ուղղուած յուսալի միջոցառումներ», նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Խորհուրդի
Ընդհանուր Քարտուղարի Կոչը

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ազրպէյճանական սահմանի հատուածին մէջ կացութեան սրումին նկատմամբ եւ կողմերուն կոչ ուղղած է զերծ մնալու ուժի կիրարկումէն:

«Զիս կը մտահոգեն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ հրաձգութիւններու մասին լուրերը: Երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու: Խաղաղութեան միակ ուղին երկխօսութիւնն է», «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը:

Պորել. «Հայկական Կողմէն Ազրպէյճանցիներու
Ուղղութեամբ Կրակոցները Ցաւալի Էին, Սակայն
Ազրպէյճանի Պատասխանը Անհամաչափ Է»

Հայկական կողմէն ազրպէյճանցի զինուորներու ուղղութեամբ կրակոցներու արձակումը ցաւալի էր, սակայն Ազրպէյճանը անհամաչափ արձագանգած է: Այս մասին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի 5-րդ նիստէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել` անդրադառնալով Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ գիւղի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ ազրպէյճանական կրակոցներուն:

Ըստ Պորելի, Ազրպէյճան անտեսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած միջադէպը լիովին պիտի հետաքննուի:

«Ասիկա կրկին կը փաստէ ուժերը հեռացնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ տեւական ժամանակ կը խրախուսէ Եւրոպական Միութիւնը: Անհրաժեշտ կը նկատեմ վերահաստատել Եւրոպական Միութեան լիակատար յանձնառութիւնը աջակցելու տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման` հիմնուած գերիշխանութեան ճանաչման եւ տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքներուն վրայ: Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ վերջերս համալրուած է` անձնակազմի թիւը աւելցած է, անիկա պիտի շարունակէ նպաստել յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն աջակցող միջավայրի ձեւաւորման», յայտարարած է Պորել:

 

 

Նախորդը

Քրեմլինը Երեւանին Եւ Պաքուին Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղեն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?