«Ազրպէյճանին կ՛առաջարկենք Փրակայի պայմանաւորուածութեան հիման վրայ արագացնել սահմանազատման գործընթացը եւ կը վերահաստատենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը»: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանը` արձագանգելով Պաքուի յայտարարութիւններուն:
«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` կառավարութեան 15 փետրուարի նիստին ունեցած ելոյթի վերաբերեալ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է մեկնաբանութեամբ, ինչի կապակցութեամբ անհրաժեշտ կը նկատենք յիշեցնել, որ 6 հոկտեմբեր 2022-ին Փրակայի մէջ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը գրաւոր կերպով պայմանաւորուած են, որ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ որ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը սահմանագծման գործընթացի քաղաքական հիմք պիտի ըլլայ: Ազրպէյճանին կ՛առաջարկենք այս պայմանաւորուածութեան հիման վրայ արագացնել սահմանազատման գործընթացը եւ կը վերահաստատենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


