Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Վարդան Աւեսեանն Ու Մկրտիչ Միքայէլեանը

February 19, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանն ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, հինգշաբթի, 15 փետրուար 2024-ի երեկոյեան: Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ):

Բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ական Կալի Աւագեան, որ ընդգծեց արուեստի ու մշակոյթի կարեւորութիւնը հայու ինքնութեան կազմաւորման մէջ եւ վեր առաւ վաստակն ու գործունէութիւնը երկու արուեստագէտներուն, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով եզակի ներդրում ունեցած են եւ ունին հայ ու միջազգային կեանքին մէջ:

Այս առիթով կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ներկաները վայելեցին Թետեսքովի «Աւազաթմբերի միջոցով» կտորը` Ներսէս Չուլճեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ, Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը` Հրակ Մամիկոնեանի մեկնաբանութեամբ, Առնօ Պապաճանեանի «Էլէգիա»-ն` Մարք Կիւլկիւլեանի դաշնամուրի կատարողութեամբ,  Խաչատուր Աւետիսեանի «Հովուի երգը» ու Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինք» հատուածները` Ծաւի ու Սալբի Թորիկեաններու ջութակի ու դաշնամուրի նուագակցութեամբ:

Արուեստագէտներ Վարդան Աւեսեանի եւ Մկրտիչ Միքայէլեանի հարուստ կենսագրականները ներկայացուցին Թամար Սնապեան-Սուրճեան եւ դոկտ. Էտի Թորիկեան:

Ապա ընթերցուեցան արուեստագէտներուն պարգեւատրման հայրապետական սրբատառ կոնդակները Օշին վրդ. Չուալերթանեանի եւ Գէորգ Գարակէօզեանի կողմէ: Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս Աւեսեանն եւ Միքայէլեանը շքադրեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` առ ի գնահատանք անոնց վաստակին ու ազգային սրբազան առաքելութեան:

Անկէ ետք վեհափառը իր խօսքին մէջ ողջունելէ ետք երեկոն կազմակերպող միութեան անդամները, բանախօսները, գեղարուեստական յայտագիրին մասնակից երիտասարդ արուեստագէտները, շքանշանակիրները, անոնց ընտանեկան պարագաներն ու ներկաները` լուսարձակի տակ առաւ մշակոյթին ազգի մը լինելիութեան արտայայտութիւն ըլլալը, ի շարս այլ յատկութիւններու, որոնք կ՛ապահովէին ազգին ինքնահասկացողութիւնն ու ինքնաճանաչումը: Ան նշեց, որ մշակոյթը ո՛չ թէ լոկ պահելու ու պահպանելու ենք, այլ մեզի կ՛իյնայ զայն զարգացնելու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը, որովհետեւ միայն պահելու ու պահպանելու պարագային ազգը կը դատապարտուի ճահճացումի:

Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ արուեստագէտը իր մարզին մէջ առաքեալ մըն է, որ ազգերու միջեւ երկխօսութիւն կը ստեղծէ, երկինքն ու երկիրը իրարու կը բանայ եւ երկնային արժէքները երկրաւոր մեր կեանքին մէջ կը թարգմանէ: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը հակիրճ վկայութիւններ տուաւ երկու արուեստագէտներուն մասին եւ մաղթեց, որ անոնց արուեստն ու աշխատանքը, իրենց աշխատելաոճին ու կորովին ընդմէջէն, վարակիչ ըլլան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Նախորդը

Մկրտիչ Միքայէլեանը` Ուրախութեան Եւ Հպարտութեան Աղբիւր

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Արման Անդրէասեան Եւ Արսէն Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.