Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` «Նահատակ ղեկավար»-ներու օրուան առիթով:
Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա ողջունեց ղեկավարները եւ անոնց զոհողութիւնները` հաստատելով, որ իրենք դասեր կը քաղեն ղեկավարներու կեանքի օրինակներէն եւ անոնցմով կ՛առաջնորդուին:
Ան նշեց, որ Դիմադրութեան զէնքը Լիբանանի պաշտպանութեան նպատակը կը հետապնդէ եւ չի միտիր քաղաքական կամ սահմանադրական իրողութիւնները փոփոխութեան ենթարկել:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ո՛չ Հըզպալլան եւ ո՛չ ալ Ամալ շարժումը հանրապետութեան նախագահ պարտադրելու կամ քաղաքական համակարգը փոփոխութեան ենթարկելու մասին խօսած են:
«Լիբանանի նման երկրի մը մէջ աւելի քան որեւէ ժամանակ պէտք է կառչած մնալ Դիմադրութեան զէնքին եւ անոր կարողութիւններուն», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը ունի հրթիռային բացառիկ կարողութիւններ, որոնց շնորհիւ կրնայ Քըրիաթ Շմոնայէն Իլաթ հասնիլ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք միշտ կը պահանջեն, որ լիբանանեան բանակը դառնայ հզօր եւ կարող բանակ մը, սակայն Միացեալ Նահանգներ կ՛արգիլեն անիկա:
Անդրադառնալով իսրայէլեան նպատակներուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ տարիներէ ի վեր իսրայէլացիներուն նպատակը եղած է պաղեստինցիները բռնագաղթի ենթարկել եւ զուտ հրէական պետութիւն մը հիմնել, «սակայն «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը բացայայտեց այդ թաքուն նպատակը», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Իսրայէլի կողմէ լիբանանցի քաղաքայիններուն սպանութեան ու բնակարանները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքներուն եւ ըսաւ. «Թշնամին արեամբ պիտի վճարէ մեր քաղաքայիններուն թափած արեան գինը»:


