Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Աշխարհին Մէջ Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ուժով Ձեռք Կը Բերուին Եւ Հաւատքով Ու Նուիրումով Կը Պահուին» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

February 12, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց, նաեւ Նորաշէնի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Պատարագին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի  ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի,  երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգային առաջնորդարանի յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Այս առիթով տուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը պատմական ակնարկ մը կատարեց 5-րդ դարուն Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին Հայաստանի մէջ տիրող ճգնաժամային պայմաններուն, թէ ինչպէ՛ս հայութիւնը այդ կացութեան մէջ իր իշխանաւորներով ու հոգեւորականներով ուխտեց անխախտ պահել իր քրիստոնէական կրօնն ու կեանքի գնով նաեւ պաշտպանել հայրենի երկիրը եւ 451 թուին Աւարայրի դաշտին մէջ իր փոքրաթիւ ուժերով քաջաբար դիմաւորեց պարսկական հսկայ բանակը: Ան ըսաւ, որ պատերազմի ընթացքին նահատակուեցաւ ուխտապահ հայոց բանակի հրամանատար` Վարդան Մամիկոնեանը, նաեւ 1036 զօրականներ, եւ ժամանակաւորապէս նուաճուեցաւ Հայաստանը, սակայն դարձեալ իր ուժերը կազմակերպելով, Վահան Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ, հայ ժողովուրդը շարունակեց իր պայքարը եւ 482-ին` վրէժը լուծելով Աւարայրի կորուստներուն, դարձեալ տիրացաւ ազատութեան եւ քրիստոնէական պաշտամունքի իրաւունքին:

«Այսօր այդ հաւատքը հանդիսաւորապէս հռչակելու համար հաւաքուած ենք մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի անցեալը պեղելով, տեսնենք, թէ մեր ազգի կեանքին մէջ հրաշքները ինչպէ՛ս գործուած են եւ յաղթանակները ինչպէ՛ս շահուած: Արդարեւ, այս առիթը տեսակ մը ուխտագնացութիւն է մեզի համար, որպէսզի մեր ազգի պատմութեան աւանդին դիմաց, ազգային միութեան զգացումով զիրար ողջագուրենք ու մեր փառապանծ երազները վերակենդանացնելու ճիգ կատարենք», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին իր ապրումներով եւ իտէալներով մեր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը մնայ ուխտապահ իր անցեալին ու պատմութեան հանդէպ եւ իր ոգեկան աւիշը առաւելաբար կը քաղէ իմացեալ մահով իրենց փառքը կերտած մեր անմահ հերոսներու օրինակէն:

Շարունակելով իր քարոզը Շահէ արք. Փանոսեան  ըսաւ, թէ հաւատաւորներու կողքին, կային նաեւ վասակներ, որոնք ոչ միայն իրենց հաւատքը ուրացան, այլ նաեւ, Պարսից կողմը անցնելով դարձան ազգադաւ. ան ցաւով յայտնեց, որ այս օրերուն դարձեալ կը տեսնենք անոնց կերպարը,  որոնք նահանջի եւ պարտութեան վատութիւնը կը խառնեն հայութեան կեանքին: Արդարեւ, ոչ միայն մոխրացուցին ու քանդեցին Արցախը, այլ նաեւ հայ զինուորին հաւատարմութիւնն ու խիզախութիւնը կասկածի ենթարկելով, նախատեցին հայութեան արժանապատուութիւնը: Սրբազանը հաստատեց, որ այսօր ալ  մեր ազգի շարքերուն մէջ շատ կան հոգիէ պարպուած մարմիններ, որոնք չեն կրնար ըմբռնել, թէ այս աշխարհի մէջ ազատութիւնն ու անկախութիւնը ուժով ձեռք կը բերուին եւ հաւատքով ու նուիրումով ալ կը պահուին, նաեւ շնորհիւ մեր հաւատքին եւ մեր անթիւ նահատակներուն ու մեր ժողովուրդի հայրենանուէր ուխտին միայն կրնանք անկործան պահել հայութեան կեանքը ու ապագայ տեսնել մեր դիմաց:

«Վարդանանցը միայն տօնական օր չէ մեզի համար, այլ հազարամեակներու խորերէն փոխանցուող խորհուրդ, որպէսզի անով մեր դեռատի զաւակներուն յիշեցնենք, թէ Աւարայրի դաշտին վրայ, ազգային ազատագրական պայքարներու ընթացքին ու Արցախեան գոյամարտին ինկած մեր բիւրաւոր նահատակները հաւատարիմ մնացին իրենց ուխտին եւ այդպիսով պատիւ բերին մեր ցեղին», շեշտեց սրբազան հայրը:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը հաստատեց, որ հայոց պատմութիւնն ու Վարդանանց պատերազմը միայն անցեալ չեն, այլ նաեւ մեր ներկան ու ապագան եւ ի՛նչ պայմաններու կամ ժամանակներու մէջ ալ գտնուինք, Վարդանանց հոգին աներեւոյթ, բայց յաւերժօրէն կենդանի, պիտի սաւառնի մեր հոգիներուն մէջ, որպէսզի ազգովին, այսօրուան կեանքով, հաւատքով ու նուիրումով, նոր ուխտ կնքենք մեր պատմութեան հետ:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

 

Նախորդը

Վարդանանք Եւ Ղեւոնդեանք. «Այս Հաւատքէն Մեզ Ո՛չ Մէկ Ուժ Կրնայ Խախտել»

Յաջորդը

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հաւատարիմ Մնանք Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Խորհրդանիշներուն»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.