Չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:20-ին Գալիլիոյ Սաֆատ քաղաքին մէջ ռմբակոծուեցաւ շէնք մը, որուն պատճառով սպաննուեցաւ իսրայէլացի զինուոր մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան 7 ուրիշներ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլա թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է Սաֆատը եւ պատճառած մարդկային վնասներ:
Իսրայէլեան ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պըն Ղաֆիր յայտնեց, որ Լիբանանի հետ սահմանամերձ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ բախման կանոնները պէտք է փոփոխութեան ենթարկել:
Քնեսեթի անդամ Աւիկտոր Լիպըրման ակնարկելով Սաֆատի ռմբակոծումին յայտնեց, որ Կարմիր գիծը վերածուած է սպիտակ դրօշի` աւելցնելով, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը անձնատուր եղած է Հըզպալլային եւ կորսնցուցած հիւսիսային Իսրայէլը:
Մինչ Հըզպալլա Սաֆատը ռմբակոծելու գործողութիւնը չստանձնեց, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ Սաֆատի ռմբակոծման պատասխանատուն միայն Հըզպալլան չէ, այլ նաեւ Լիբանանի պետութիւնը:
Ան նկատել տուաւ, որ Սաֆատի ռմբակոծումին պատասխանը շուտով պիտի տրուի:
Նոյն օրը` երեկոյեան ժամը 20:40-ին, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը թիրախ դարձուց Նապաթիէի մէջ գտնուող երեք յարկանի շէնք մը եւ գործեց սպանդ մը:
Նապաթիէի ռմբակոծումը պատճառեց 6 նահատակներ. 4 հոգինոց ընտանիք մը` Հիւսէյն Պըրժաուի, անոր կինը` Ամալ, ինչպէս նաեւ դուստրերը` Ամանի եւ Զէյնապ, քոյրը` Ֆաթիմա եւ անոր դուստրը` Ղատիր Թարհինի:
Ռմբակոծումէն ետք քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հիւանդատար մեքենաները փութացին դէպքին վայրը` փոխադրելու համար նահատակները, ինչպէս նաեւ վիրաւորները:
Նապաթիէի նահանգապետ Հուէյտա Թըրըքի որոշումով շրջանի պետական բոլոր կառոյցները փակ մնացին երէկ:
Նապաթիէի մէջ գործող բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները իրենց կարգին երէկ փակ պահեցին իրենց դռները:
Թըրըք երէկ այցելեց ռմբակոծուած շէնքին վայրը` հսկելով հոն կատարուած փրկարար աշխատանքներուն: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
«Քաղաքացիներուն եւ երեխաներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած սպանդներն ու ահաբեկչութիւնը պիտի մղէ, որ շրջանի բնակիչները աւելի քաջ եւ խիզախ կերպով պայքարին եւ դիմադրեն թշնամիին», ըսաւ ան:
Նապաթիէի մէջ իսրայէլեան ուժերուն գործած այս սպանդը դատապարտուեցաւ իշխանութեան պետերուն, հոգեւոր պետերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դատապարտեց Նապաթիէի սպանդը` հաստատելով, որ Նապաթիէի մէջ թափած արիւնը կը զետեղէ Լիբանան այցելող միջազգային եւ ՄԱԿ-ի պատուիրակներուն տրամադրութեան տակ, որպէսզի անոնք ճնշում բանեցնեն սիոնական գոյացութեան վրայ, որովհետեւ թշնամի Իսրայէլն է, որ շրջանը կ՛ուղղէ այնպիսի պատերազմի մը, որուն հետեւանքները քանդիչ կրնան ըլլալ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Նապաթիէի սպանդը եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպէն պահանջեց Իսրայէլի դէմ բողոքի նամակ մը յղել Ապահովութեան խորհուրդին:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց Նապաթիէի դէմ գործուած սպանդը եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին անմիջապէս քայլերու դիմելու` կասեցնելու համար լիբանանցի եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն դէմ գործուած սպանդները:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ալի Խաթիպ խստիւ դատապարտեց սիոնական սպանդները եւ զանոնք զետեղեց ՄԱԿ-ի տրամադրութեան: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան` բողոքելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ, որպէսզի սիոնական գոյացութեան դէմ ահաբեկչութիւն գործելու դատապարտում արձանագրուի եւ ան պատժուի:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Լապպունէ, Պասալիա, Շեհապիէ, Սուուանէ, Ատշիթ, Զհալթա, Ժեզզին, Ժպաա, Սինիա, Թէյր Հարֆա, Հուլա, Նաքուրա, Համուլի եւ Սլուքիի հովիտներ շրջանները` պատճառելով 4 նահատակներ եւ վիրաւորելով 9 ուրիշներ, ինչպէս նաեւ արձանագրելով նիւթական հսկայական վնասներ:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ թռիչքներ գործեց Պէյրութի վերեւ` ահ ու սարսափի մատնելով մայրաքաղաքին բնակչութիւնը:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուեյսեթ Ալամ եւ Մարժ դիրքերն ու հոն գտնուող լրտեսական բոլոր սարքերը:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Զըպտին դիրքը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Ռահեպ խարիսխին վրայ գտնուող լրտեսական սարքերը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Սըմմեքա դիրքը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ:
Երէկ երեկոյեան ժամը 6:43-ին Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Իպրահիմ Ալի Տըպըք, Իպրահիմ Հիւսէյն Մուսթարահ, Ալի Մոհամետ Տըպըս, Հասան Իպրահիմ Իսա, Հիւսէյն Ահմետ Աքիլ, Հիւսէյն Ալի Նուրէտտին եւ Նասեր Ահմետ Սաատ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:
Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Արձանագրուած
Բախումներուն Մասին Կեցուածքներու Ալիք
Պէտք է աւելցնել, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւնը իր կարգին հաստատեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած վտանգաւոր մագլցումները զսպելու անհրաժեշտութիւնը` միաժամանակ գնահատելով հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի հաստատեց, որ քաղաքայինները թիրախ դարձնող յարձակումները միջազգային օրէնքին դէմ գործուած ոտնձգութիւններ են եւ պատերազմական ոճիր կը նկատուին:
Թինընթի անհրաժեշտ նկատեց դիւանագիտական ջանքերը աշխուժացնելու` հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով:
Ամերիկացիներու անվտանգութեան հարցերով Սպիտակ տան խորհրդատու Ճեք Սալիվըն մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ արձանագրուելիք յաւելեալ զարգացումներուն առումով:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է` աւելցնելով սակայն, որ ապահովական մագլցումներէն խուսափիլը տակաւին առկայ է:
Քաթարի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շեշտեց, որ Ուաշինկթըն չի փափաքիր, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին բախումները ընդարձակուին: Ան շեշտեց նաեւ, որ նոյնիսկ Իսրայէլ նման փափաք չունի:
Դեսպանը նկատել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն տագնապին դիւանագիտական լուծում ապահովելու համար:
Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Մարթին յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ արձանագրուած ապահովական մագլցումներուն վտանգը առկայ է` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող բախումները Իրլանտայի համար մտահոգիչ են:


