Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրիի Սպանութեան 19-րդ Տարելիցին Առիթով` «Ամէն Ինչ Իր Ժամանակը Ունի, Իսկ Սաատ Հարիրի Ժողովուրդը Չի Լքեր» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

February 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով, երեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին,  տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը, ուր կը գտնուի Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:

Հարիրիի յիշատակին առիթով մայրաքաղաք հասած քաղաքացիները աղօթեցին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին անոր դամբարանին վրայ, ինչպէս նաեւ բարձրացուցին պաստառներ` պահանջելով անոր զաւկին` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական ասպարէզ վերադարձը:

Դամբարան այցելեցին նաեւ լիբանանցի պետական պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներ ու համակիրներ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, իր հօրաքրոջ` նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրիի եւ հօրեղբօր` Շաֆիք Հարիրիի հետ, ժամը 12:55-ին հասաւ Կեդրոնական Պէյրութ:

Ան ողջունեց հրապարակը լեցուցած հաւաքը, որ ջերմօրէն ողջունեց զինք եւ զօրակցութեան կարգախօսներով դիմաւորեց զայն: Ապա աղօթեց իր հօր դամբարանին վրայ եւ վերադարձաւ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը:

Մոհամետ Ամին մզկիթէն հեռանալու պահուն Հարիրի  լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն ժողովուրդին ուղղեց հետեւեալ խօսքը. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եկած են հոս: Կ՛ուզեմ ձեզի ըսել, որ ուր որ ալ ըլլամ, ձեր կողքին պիտի մնամ: Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի, իսկ Սաատ Հարիրի ժողովուրդը չի լքեր: Բոլորին ըսէ՛ք, որ դուք հրապարակ վերադարձած էք, եւ առանց ձեզի երկիրը չի զարգանար: Երկրին ոգին դուք էք, պահպանեցէ՛ք երկիրն ու անոր բազկերակը: Ես ձեր կողքին եմ, եւ ամէն ինչ իր ժամանակը ունի»:

Սաատ Հարիրի երեկոյեան «Հատաս»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք քաղաքական ասպարէզէն հեռանալու իր որոշումը յետս չէ կոչած` աւելցնելով, որ տակաւին շատ կանուխ է այդ որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու:

Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքական ասպարէզ վերադառնալը լիբանանցիներուն համար առաջնահերթութիւն չի նկատուիր:

Սաատ Հարիրի ընդգծեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի պետութեան ծրագիր էր եւ չափաւորական անձնաւորութիւն մը` աւելցնելով, որ զայն սպաննողը սկսած է սուղ վճարել իր գործած յանցանքին գինը:

Նշենք, որ օր մը առաջ Հարիրի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն ընկերակցեցաւ նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու զարգացումները:

Հարիրի ընդունեց նաեւ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեանց ու Ամալ շարժումի պատուիրակութիւնները:

Հարիրիի այցելեցին նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան, կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար:

ՆՇԵՆՔ, որ Սաատ Հարիրիի յատուկ պատուիրակ Ժորժ Շաապան ընդգծեց, որ Հարիրի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանովի կողմէ հրաւէր մը ստացած է` այցելելու Մոսկուա:

Ան նշեց, որ ռուսական ղեկավարութեան հետ Հարիրի մնայուն կապի մէջ է` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնը չէ ընդհատուած, երբ Հարիրի որոշած է հեռանալ քաղաքական ասպարէզէն:

Նախորդը

Բախման Կանոնները Խախտելէ Ետք Իսրայէլ Նապաթիէի Մէջ Գործած Է Սպանդ Մը

Յաջորդը

Միլլըր. «Ուաշինկթըն Մտահոգուած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Զինուորներուն Միջեւ Բախումներու Մասին Հաղորդումով»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.