Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ՛ըսէին, թէ պատրաստ են շրջանային հաղորդակցութիւններու բացման` հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան ծիրին մէջ գերիշխանութեան եւ օրէնսդրութեան սկզբունքներու հիման վրայ. Ազրպէյճանը չէ հրաժարած այս մօտեցումէն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Այս նիւթը նախապէս մանրակրկիտ քննարկուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ: Սակայն այս աշխատանքը կանգ առած է հայ գործընկերներու դիրքորոշումին պատճառով», ըսած է Զախարովա:
Ան նաեւ անդրադարձած է Մեղրիէն անցնող ճամբուն նկատմամբ Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան կողմէ վերահսկողութեան մասին հարցին:
«Ատիկա տրամաբանական է թէ՛ երթեւեկութեան առաւելագոյն կազմակերպման տեսանկիւնէն, թէ՛ տնտեսական առումով», նշած է Զախարովա` յիշեցնելով, որ Ռուսիոյ սահմանապահները տեղակայուած են Սիւնիքի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յառաջ քաշած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, ապա Զախարովա ըսած է, որ Ռուսիան զայն չի նկատեր Մեղրիէն անցնող կամ այլ երթուղիի այլընտրանք:
«Անիկա աւելի առաւել ընդարձակ տեսլական է ապագային շրջանային եւ ենթաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ», նշած է ան` յիշեցնելով, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք աջակցութիւն յայտնած է նախագիծին:
Անդրադառնալով Փաշինեանի` Հայաստանի մէջ յեղաշրջում կատարելու ռուսական կոչերուն մասին պնդումին, ըսաւ. «Հայաստանի վարչապետի պնդումները, որոնք դուք նշեցիք, որեւէ հիմք չունին: Ռուսիոյ պաշտօնատարները երբեք որեւէ տեղ չեն արտօնած օրինական ընտրուած իշխանութիւններու տապալման կոչերու նոյնիսկ ակնարկ, ուր ալ ատիկա ըլլայ»:
Զախարովայի համաձայն, ռուսական կողմը նման մօտեցում կը կիրարկէ «թէ՛ Երեւանի ներկայ իշխանութիւններուն, թէ՛ ալ Երեւանի նախկին իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս որեւէ գերիշխան պետութեան առնչութեամբ»:
«Տրամաբանական հարցում կը ծագի. անոնք, որոնք հիմա Երեւանի մէջ իշխանութեան ղեկին են, իրենք այս տրամաբանութեան հաւատարի՞մ են թէ՛ այլ երկիրներու, թէ՛ իրենց ներքաղաքական հոլովոյթներուն առնչուած: Ինծի կը թուի, որ լաւ պիտի ըլլար մտորումներ ընել այս նիւթով, մենք կը յիշենք նորագոյն պատմութիւնը, այն, ինչ որ տեղի ունեցած է քանի մը տարի առաջ: Ռուսիոյ պաշտօնական դէմքերը երբեք նոյնիսկ ակնարկ չեն արտօնած օրինական ճամբով ընտրուած իշխանութիւններու տապալման կոչերու առնչութեամբ: Եւ անգամ մը եւս կրկնեմ` արդեօք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կրնա՞ն պարծենալ նոյնպիսի մօտեցումով Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարութեան նկատմամբ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի Հայաստան այցելութեան հաւանականութեան մասին լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած տեղեկութեան, Զախարովա ըսած է. «Հայաստանը, իբրեւ դաշնակից, լաւ գիտէ Քիեւի վարչակարգին նկատմամբ մեր դիրքորոշումը»:
Զախարովա ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները պէտք է առաջինը մեկնաբանեն այդ հաղորդագրութիւնները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, մեկնաբանելով Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի` սահմանամերձ Ներքին Հանդ գիւղին մօտ տեղի ունեցած միջադէպին վերաբերեալ յայտարարութիւնը, յայտնած է, որ վերջինս հերթական անգամ կը խեղաթիւրէ փաստերը:
Գրիգորեան ըսած էր, որ հակառակ Սիւնիքի Ներքին Հանդ գիւղին մօտ ներկայութեան, ռուսական կողմը չէ կրցած կանխարգիլել վերջին միջադէպը:
«Մենք չափազանց բացասական կը գնահատենք նման յայտարարութիւնները: Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը կը խեղաթիւրէ փաստերը, պարզապէս Արեւմուտքի մէջ մէկու մը (կը կարծեմ) հաճոյանալու համար», ըսած է Զախարովա:
Ան նշած է, որ Ներքին Հանդ բնակավայրի տարածքին մէջ ռուս զինուորներ չկան: Այնտեղ, ըստ հայկական կողմին հետ համաձայնութեան, 2021-ին տեղակայուած է Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան դիրք: «Սակայն այժմ, ինչպէս գիտենք, Հայաստանի մէջ հետաքննութիւն կը կատարուի սահմանային գօտիի մէջ սադրանքները կանխարգիլելու եւ զսպուածութիւն պահպանելու հրամանի վերաբերեալ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Ան հակաարդիւնաւէտ կոչած է ռուս սահմանապահները նսեմացնելու փորձերը, որովհետեւ անոնք 30 տարիէ ի վեր կը հսկեն հանրապետութեան սահմանները եւ բազմիցս ապացուցած են իրենց պահանջուածութիւնը:
«Ի տարբերութիւն մեր սահմանապահներուն, Եւրոպական Միութեան կեղծ դէտերը չեն ըներ այն, ինչին համար այնտեղ կը գտնուին: Անոնց հիմնական զբաղումը Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ հետախուզական գործունէութիւնն է: Եւ, բնականաբար, քիչ մը ինքնագովազդը», ըսած է Զախարովա:


