Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Պայտընն Ու Անոր Աշխատանքային Խումբը Անդադար Կ՛աշխատին Զինադուլի Հաստատման Համար Եւ Լաւատես Են»

March 1, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Պատանդները ազատ արձակելն ու քաղաքայիններուն օժանդակութիւնները հասցնելը գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որ իր աշխատանքային խումբին հետ անդադար կ՛աշխատի զինադուլի հասնելու, եւ անոնք լաւատես են»:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Կազայի հարաւ արեւմուտքին մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններ ստանալու համար հերթի կանգնած քաղաքայիններու բազմութիւն մը` պատճառելով նուազագոյնը 112 զոհեր եւ 760 վիրաւորներ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 27 փետրուարին յայտարարած էր, թէ կը յուսայ, որ մինչեւ երկուշաբթի, 4 մարտ Կազայի մէջ զինադուլ կը հաստատուի:

«Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականս (Ճէյք Սալիվընը, «Ա.») ինծի ըսաւ, որ մենք մօտ ենք: Մենք մօտ ենք, սակայն ատիկա տակաւին չէ կատարուած: Եւ ես յոյս ունիմ, որ մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի պիտի ըլլայ զինադադար», ըսած էր Պայտըն` ի պատասխան զինադադարի բանակցութիւններու արդիւնքներու մասին հարցումին:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց. «Կը շարունակենք Իսրայէլը յորդորել, որ հաւատացեալներուն արտօնէ ռամատան ամսուան ընթացքին Աքսայի մզկիթ հասնիլ»: Ան նաեւ նշեց. «Ասիկա ոչ միայն այն ճիշդն է, որ պէտք է կատարել, եւ հարցը միայն մարդոց իրենց արժանի եղած եւ իրաւունքը ունեցած կրօնական ազատութիւնը տալուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ ուղղակի կերպով Իսրայէլի անվտանգութեան համար շատ կարեւոր հարց է»:

«Իսրայէլի կառավարութեան բնակեցման ծրագիրը խաղաղութեան խոչընդոտ է եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքին», ըսաւ Միլլըր` աւելցնելով. «Պատրաստ ենք Այսրյորդանանի մէջ ծայրայեղական բռնարարքներու հարցով յաւելեալ անձեր հաշուետուութեան ենթարկելու»:

«Պաղեստինեան պետութեան ստեղծման համար կարեւոր է, որ Իսրայէլ բնակեցման վայրեր կառուցելու կարողութիւնը չունենայ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պետ Ղաֆիրը զրկած է Աքսայի մզկիթին վերաբերող իրաւասութիւններէ, եւ որոշած է Երուսաղէմէն ու Կանաչ գիծի շրջանէն իսլամ հաւատացեալներուն ռամատան ամսուան ընթացքին Աքսայի մզկիթ մուտքը սահմանափակումներու չենթարկել:

Պեն Ղաֆիր մեկնաբանելով լուրը նշեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն կը սպասեմ, որ հերքէ այն լուրը, թէ նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը յետս կոչած է Աքսայի մզկիթին վերաբերեալ լիազօրութիւններս»:

Նախորդը

Լաւրով Այսօր Երկօրեայ Այցելութեամբ Պիտի Հասնի Թուրքիա

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ  Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք»  Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը
Միջազգային

«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք» Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.