Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բախումներ Եւ Նոր Ծրագիրներու Նախադրեալներ

February 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը թուի, որ անիրատեսական չէ ժամանակաւոր զինադադարի համաձայնութիւնը Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ: Իւրաքանչիւր խաղաղ օրուան դիմաց մէկ պատանդի ազատ արձակում բանաձեւը բանակցային սեղանի վրայ է: Խօսքը վեցշաբաթեայ հրադադար հաստատելուն կը վերաբերի:

Բանագնացները եռուզեռի մէջ են Տոհա-Գահիրէ- Փարիզ գիծին վրայ: Այս գործընթացները բնականաբար կ՛ընթանան Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի վերահսկողութեան ներքեւ:

Աւելի կայուն զինադուլի հաստատման համար Թել Աւիւը կը փորձէ պատուաւոր ելք գտնել, պատերազմը յաղթած յայտարարելու համար: Ահա այստեղ է, որ առաջ կը մղուի Ռաֆահի ծրագիրը:

Ատիկա կը վերաբերի քաղաքայինները Ռաֆահէն տեղափոխելուն, որուն դիմաց  Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելուն: Այլ խօսքով, Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու պայմանը Ռաֆահի պարպումն է քաղաքացիներէ: Իսկ պարզ է, թէ ի՛նչ տեսակի գործողութիւն կրնայ հետեւիլ քաղաքացիներուն հեռացումէն ետք:

Ահա այստեղ է, որ շատ արագ վրայ կը հասնի ամերիկեան արձագանգը, որ շատ խառն ուղերձ կը պարփակէ իր մէջ: Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն  կ՛ընդգծէր, որ Ուաշինկթըն կը զգուշացնէ առանց քաղաքայինները պաշտպանելու ծրագիրի գոյութեան Ռաֆահի մէջ որեւէ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելէ:

Կ՛ընկալուի այնպէս, որ Միացեալ Նահանգները դէմ չեն Ռաֆահի ուղղութեամբ զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծելու ծրագիրին: Կը զգուշացնեն սակայն, որ անիկա որեւէ ձեւով պէտք չէ վտանգէ քաղաքայինները: Այսինքն, այնքան ատեն քաղաքացիները չեն հեռացած շրջանէն, պատերազմական գործողութիւններ պէտք չէ արձանագրուին:

Այդ հեռացումը յայտնաբար կ՛իրականանայ միայն բռնութեամբ, այլապէս հեռանալու տրամադրութիւն չի ցուցաբերեր այնտեղի ժողովուրդը: Ուրեմն, ըստ Ուաշինկթընի, արգիլուած է գործողութիւններու դիմելը:

Ուղերձին խառն ըլլալը աւելի կը հաստատուի, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէ, որ ծանօթ չէ Ռաֆահի ուղղութեամբ Թել Աւիւի մշակած ծրագիրին: Այդ կը նշանակէ, որ տակաւին կարմիր լոյս չեն տուած անցնելու գործողութիւններու:

Դէպի Ռաֆահ կանաչ լոյս չստացած Իսրայէլը Լիբանանի մէջ կ՛ընդլայնէ ռազմական գործողութիւններու աշխարհագրութիւնը` հարուածելով Պեքաան: Պեքաայի պատասխանը չ՛ուշանար: Իսրայէլ կ՛ենթարկուի Հըզպալլայի հրթիռակոծումներուն: Այս բոլորով հանդերձ հարաւային Լիբանանի զինուորական բախումները կը վերադառնան պատերազմական գօտիի սահմաններ: Ընդհանուր կանոնները կը շարունակեն գործել, թիրախային յարձակումներու տեսքով:

Իսլամական կարեւորագոյն ամիս Ռամատանը կրօնական սահմանները անդրանցնելով յայտնաբար պիտի վերածուի հրադադարի հետ կապուած անկիւնաքարի: Խօսքը երկու շաբթուան ժամկէտի մասին է: Դժուար է, որ Թել Աւիւ Ռաֆահի ուղղութեամբ կանաչ լոյս ստանայ մինչեւ երկու շաբաթ: Մարդասիրական  ժամանակաւոր հրադադարը աւելի իրատեսական կը թուի, իւրաքանչիւր խաղաղ օր մէկ պատանդի ազատ արձակման դիմաց բանաձեւով:

Ուշագրաւ այլ իրադարձութիւն մը կրնայ լոյս սփռել հետագայ գործընթացներուն վրայ: Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետը հրաժարական կը ներկայացնէր: Հրաժարականի իր հիմնաւորումներուն մէջ ի շարս այլ հանգամանքներու կը կեդրոնանար հետեւեալ միտքին վրայ: «Ես կը տեսնեմ, որ յաջորդ փուլը եւ անոր մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր կառավարական եւ քաղաքական համաձայնութիւններ, որոնք հաշուի պիտի առնեն Կազայի նոր իրողութիւնը եւ պաղեստինեան համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը` հիմնուած պաղեստինեան միասնութեան եւ Պաղեստինի տարածքին մէջ միասնական իշխանութեան վրայ»:

Ռաֆահի ծրագիրէն աւելի, կը թուի, որ այս ծրագիրն է, որ միջազգային ընտանիքին համամտութիւնը կը վայելէ, եթէ ոչ ուղղակի անոր նախագիծն է: Այստեղ սակայն խօսքը միայն պաղեստինեան նոր իշխանութիւններուն մասին չէ, այլ նաեւ իսրայէլեան:

«Ա.»

 

Նախորդը

Ահաբեկչութիւնը Միշտ Դատապարտելի Չէ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (28 Փետրուար 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.