Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ Պերլինի մէջ աւարտեցին իրենց երկօրեայ բանակցութիւնները: Պաշտօնական Երեւանը հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ որեւէ լուրջ յառաջընթացի չ՛ակնարկեր:
«(Նախարարները) քննարկած են «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ» երկկողմանի համաձայնագիրի նախագիծի դրոյթներու տեսակէտները: Արտայայտուած է փոխադարձ համաձայնութիւն` շարունակելու բանակցութիւնները բաց հարցերուն շուրջ», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութիւնը չէ յայտնած, թէ արդեօք արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ անոր ազրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովը յաջողա՞ծ են նուազեցնել երկու երկիրներուն միջեւ առկայ տարակարծութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի առանցքային կէտերուն շուրջ: Ազրպէյճանական կողմը անմիջապէս չէ մեկնաբանած բանակցութիւնները:
Միրզոյեանն ու Պայրամովը Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ բանակցած են հիմնականին մէջ առանց երրորդ կողմի միջնորդութեան: Չորեքշաբթի կէսօրին անոնց միացաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք: Վերջինս երէկ գովաբանած է Պաքուն եւ Երեւանը «խիզախ եւ միեւնոյն ժամանակ դժուարին ճանապարհով դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր ուղին բռնելու համար»:
«Այնտեղ ճանապարհին իւրաքանչիւր մեթրը կարեւոր է», գրած է Պերպոք «Էքս» ընկերային ցանցին մէջ:
Միրզոյեանն ու Պայրամովը դէմ առ դէմ բանակցեցան աւելի քան ութ ամսուան դադարէ ետք. նախքան այդ Պաքուն պոյքոթի կ՛ենթարկէր արեւմտեան բոլոր հարթակները:


