Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 1 մարտ 2024-ին «Վանայ ձայն»-ի մէջ հանդիպում ունեցան «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն, կրթական եւ հասարակական գործիչ Վիգէն Աւագեանի հետ:
Աւագեան ներկայացուց ձայնասփիւռի կարեւորութիւնը լրագրութեան մարզին մէջ: Ան մասնաւորապէս խօսեցաւ «Վանայ ձայն»-ի մասին` նշելով միաժամանակ, որ եթէ այլ տեսակի լրատուամիջոցներու պարագային աշխատանքը որոշ ժամանակէ ետք կը դադրի, ձայնասփիւռի կայանը նոյնը չէ, անիկա մնայուն կերպով պէտք է տարբեր տեսակի յայտագիրներ երգեր սփռէ` գոհացնելով բոլոր ունկնդիրներուն ճաշակները:
Աւագեան խօսեցաւ նաեւ ներկայի արդիականացումի պայմաններուն մէջ ձայնասփիւռ-ընկերային ցանցեր փոխադարձ կապուածութեան մասին, նշեց, թէ ինչպէ՛ս «Վանայ ձայն»-ի յայտագիրներ կը հեռասփռուին նաեւ ընկերային ցանցերու ընդմէջէն, որովհետեւ ներկայիս ոչ բոլոր ունկնդիրները ձայնասփիւռի գործիքներէ կը հետեւին յայտագիրներուն: Աւագեան «Ապագայ լրագրողներուն մանրամասն ներկայացուց նաեւ խօսնակներուն, ձայնի հաղորդավարներուն եւ մոնթաժի պատասխանատուներուն աշխատանքներուն առանձնայատկութիւնները:
Վիգէն Աւագեան նշեց, որ «Վանայ ձայն»-ը դաշնակցական լրատուամիջոց է, եւ մեկնելով այս իրողութենէն, ան յանձնառու է ունկնդիրներուն սփռելու մաքուր եւ հարազատ հայերէն երգը: Մեկնելով իր գաղափարական յանձնառութենէն, «Վանայ ձայն»-ը նաեւ նախանձախնդիր է իր յայտագիրներուն ընդմէջէն Հայ դատը լուսարձակի տակ առնելու:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ գործնական աշխատանք: «Ապագայ լրագրողներ»-ը բաժնուեցան երկու խումբի: Մէկ խումբը անցաւ ձայնի հաղորդավարութեան բաժինը, ուր հաղորդավար Յակոբ Չպլաքեան բացատրութիւններ տուաւ աշխատանքին մասին, իսկ երկրորդ խումբը կատարեց խօսնակ դառնալու փորձեր: Այս հոլովոյթը երկու խումբերուն միջեւ կատարուեցաւ հերթափոխութեամբ: Վիգէն Աւագեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց նաեւ «Վանայ ձայն»-ի արխիւները: