Ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն երէկ կէսօրին հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` քննարկելով հարաւային սահմանագիծին վրայ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու դիւանագիտական ճիգերը:
Հոքշթայնի կատարած բոլոր հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն:
Պէյրութ ժամանումէն անմիջապէս ետք Հոքշթայն ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` քաղաքական եւ զինուորական առումով:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Հոքշթայն ըսաւ. «Շատ լաւ է դարձեալ վերադառնալ Պէյրութ, եւ Պըրրիի հետ հանդիպումս աւարտելէ ետք պիտի շարունակեմ հանդիպիլ լիբանանցի այլ պատասխանատուներու հետ: Լիբանան կը գտնուիմ յանգելու համար դիւանագիտական լուծման մը, որ կ՛աւարտէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանային բախումները»:
Հոքշթայն ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան քաղաքական հոլովոյթի մը ընդմէջէն յանգելու երկարատեւ լուծման, ինչ որ առիթ կու տայ տեղահանուած լիբանանցիներուն վերադառնալու իրենց գիւղաքաղաքները, «եւ նոյնը կը վերաբերի նաեւ սահմանին միւս կողմը գտնուող տեղահանուածներուն», աւելցուց ան:
Հոքշթայն ընդգծեց, որ իր այցելութիւնը կատարուած է սահմանին երկու կողմերուն պարագային տեղահանուածներուն իրենց բնակարաններէն հեռանալէն շաբաթներ ետք, «եւ այդ իրականութիւնը հետեւանք է զինուորական մագլցումներուն, որոնք պէտք է դադրին: Մագլցումները տագնապի լուծման չեն նպաստեր: Մագլցումը յատկապէս չի նպաստեր Լիբանանին, որ կը փորձէ իր պատմութեան ամէնէն զգայուն փուլին ընթացքին զարգանալ եւ յառաջդիմել», յայտնեց ան:
Հոքշթայն ընդգծեց, որ այս պարագային ժամանակաւոր զինադուլը անբաւարար է` աւելցնելով, որ սահմանային Կապոյտ գիծի երկայնքին ապահովութիւնը պէտք է երաշխաւորէ երկու կողմերուն ապահովութիւնը:
«Միացեալ Նահանգներ համոզուած են, որ դիւանագիտական լուծումը միակ միջոցն է զինուորական գործողութիւններուն վերջ տալու եւ հետեւաբար հասնելու երկարատեւ կայունութեան: Բոլորին իրաւունքն է ապրիլ ապահով եւ կայուն մթնոլորտի մէջ», յայտնեց ան:
Հոքշթայն հաստատեց, որ իր կատարած աշխատանքը ամերիկեան առանձին ճիգ մը չէ, այլ` Միացեալ Նահանգներու բարեկամներուն հետ գործակցութիւն է Լիբանանի, անոր ժողովուրդին, տնտեսութեան ու հաստատութիւններուն համար ստեղծելու կայունութեան եւ բարգաւաճման առիթ մը:
Հոքշթայն հանդիպեցաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ամերիկացի բանագնացը ներկայացուց շրջանային իրադարձութիւններն ու ի գործ դրուած ջանքերը` կասեցնելու զինուորական գործողութիւնները:
Հոքշթայն այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Հոքշթայն հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` ներկայութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Մարուան Համատէի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական մագլցումները հանդարտեցնելու ջանքերը:
Հոքշթայն այցելեց նաեւ խորհրդարան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխաններ Ժորժ Ատուանի, Ժորժ Օքէյսի, Սամի Ժեմայէլի, Էլիաս Հանքաշի եւ Միշել Մուաուատի հետ:
Նշենք, որ Հոքշթայն եւ Ճոնսըն Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ հանդիպում մը ունեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ:
Քննարկուեցան ուժանիւթի վերաբերող հարցեր, մասնաւորաբար Սուրիոյ վրայով դէպի Լիբանան եգիպտական կազ եւ յորդանանեան ելեկտրականութիւն ապահովելու կարելիութիւնն ու այդ իմաստով ամերիկացի բանագնացին ունենալիք օգտակար դերակատարութեան մանրամասնութիւնները:
Հոքշթայն ընդգծեց նաեւ հարաւային սահմանագիծին ապահովութեան կարեւորութիւնն ու անոր ունենալիք դրական ազդեցութիւնը` նաւթի հորատման աշխատանքները շարունակելու իմաստով: