Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Բախումները Կը Շարունակուին, Իսկ Հոքշթայն Պիտի Այցելէ Լիբանան

Մարտ 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այսօր` երկուշաբթի, 4 մարտ 2024-ին, պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` շարունակելու համար հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագիծը կայունացնելու խորհրդակցութիւնները:

Կը նախատեսուի, որ Հոքշթայն նորութիւններ ունենայ` Պէյրութի եւ Թել Աւիւի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն ուղղութեամբ:

Նշենք, որ Հոքշթայն անցեալ դեկտեմբերին այցելած էր Պէյրութ եւ քննարկած Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային սահմանազատման բանակցութիւններուն կարելիութիւնը:

Օրին ան ընդգծած էր դիւանագիտական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի լիբանանցի քաղաքայինները կարենան վերադառնալ իրենց բնակարանները` հարաւային Լիբանանի մէջ, իսկ իսրայէլացի բնակիչները` Հիւսիսային Իսրայէլ:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Պլիտա, Նաքուրա, Տհայրա, Ալմա Շաապ, Այթա Շաապ, Ռամիա, Մաժտալ Զուն, Շաաթիէ, Մանսուրի, Ուազզանի, Լապպունէ, Մէյսել Ժապալ, Հուլա, Պայեատի հովիտ եւ Ատայսէ շրջանները:

Շաբաթ առաւօտեան իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Նաքուրայի ճամբուն վրայ ռմբակոծեց ինքնաշարժ մը, որուն մէջ գտնուող Հըզպալլայի երեք անդամները նահատակուեցան:

Դիմադրութեան մարտիկները անօդաչու թռչող սարքով մը ռմբակոծեցին իսրայէլեան Լիման նորակառոյց զինուորական խարիսխը:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը` օգտագործելով հակահրասայլային հրթիռներ, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ քանդեցին հոն գտնուող սարքերը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամիա դիրքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:

Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Զաուրա դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին հոն զետեղուած լրտեսական սարքերուն:

Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռահեպ եւ Զըպտին դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով թրիախ դարձուցին իսրայէլեան Հատպ Եարին դիրքին վրայ գտնուող զինուորներու համախմբում մը:

Հըզպալլա «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը` պատճառելով մարդկային վնասներ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Մթըլլէ դիրքը` պատճառելով հսկայական վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին Խիամ գիւղաքաղաքը:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ բռնագրաւուած Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան Սըմմեքայի դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Մոհամետ Շալհուպ, Մոհամետ Ալի Ղըպրիս, Մուսթաֆա Հիւսէյն Սալման, Ալի Ապտել Նապի Քասեմ, Ֆարուք Մոհամետ Հարպ, Ապպաս Ահմետ Խալիլ եւ Հիւսէյն Մոհամետ Պատաուի միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Լիբանան Պատրաստ Է Անուղղակի Բանակցութիւններու, Որովհետեւ Այլընտրանքը` Պատերազմի Ընդարձակման Եւ Շրջանային Հակամարտութեան Վերածման Վտանգն Է»

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` «Վանայ Ձայն»-ի Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?