 Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 27 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 27 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Կառավարութեան նիստին զուգահեռ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ ժամը 3:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ բողոքի նստացոյց մը` հանգստեան կոչուած զինուորականներուն կողմէ:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը նուազագոյն աշխատավարձը վերածած է 400 տոլարի, իսկ բարձրագոյն աշխատավարձը` 1200 տոլարի, ինչպէս նաեւ որոշած է զինուորականներուն` ըլլան անոնք ծառայութեան մէջ, թէ հանգստեան կոչուած, երեք յաւելեալ աշխատավարձ յատկացնել:
Մքերի նշեց, որ զինուորականները` ծառայող եւ հանգստեան կոչուած, երեք յաւելեալ աշխատավարձ պիտի ստանան, այսինքն` անոնք ամսական դրութեամբ 9 աշխատավարձ պիտի ստանան:
Մքերի աւելցուց, որ յաւելումի որոշումը կ՛ընդգրկէ նաեւ յետնեալներու դրութիւն, որ կը սկսի 1 դեկտեմբեր 2023-էն:
Ան յայտնեց, որ ամսական դրութեամբ աշխատավարձերուն ծախսը 10700 միլիառ լ. ոսկի է, իսկ կատարուած յաւելումներուն ծախսը` 2900 միլիառ լ. ոսկի:
Մքերի յայտնեց, որ դրամատուներու կարգաւորման թղթածրարին քննարկումը յետաձգուեցաւ` զայն աւելի մանրամասն եւ խորքային կերպով սերտելու նպատակով:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը այս ժողովը կը գումարէ, մինչ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կը շարունակուին: «Այս իմաստով դիւանագիտական մեր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին կը վերահաստատենք մեր կեցուածքը` պահանջելով կասեցնել Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները: Նաեւ իրապաշտ մօտեցում կը ցուցաբերենք արտաքին բոլոր նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ, եւ կը զգուշացնենք վտանգներէն, ինչպէս նաեւ կը դատապարտենք Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներն ու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ անոնց գործած ոտնձգութիւնները», ըսաւ ան:
Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ իրենք արաբական թէ միջազգային բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին կը հաստատեն, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կը պահանջեն Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան իր կարգին գործադրէ այդ բանաձեւը` վերջ տալով իր բռնարարքներուն եւ սահմանային խախտումներուն:
Միքաթի կոչ ուղղեց նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու` շեշտելով, որ անիկա բոլորին պատասխանատուութիւնն է:
«Ինչ կը վերաբերի պետական մարզի պաշտօնեաներուն ապրուստին վերաբերող պահանջներուն, ապա մենք օրական դրութեամբ կը դիմագրաւենք մարտահրաւէրներ, որոնք կը վերաբերին իրաւացի պահանջներու, եւ կ՛ըմբռնենք զանոնք ու կը փորձենք պատասխանատուութեամբ վարուիլ անոնց հետ: Մենք կը փափաքինք, որ բոլոր քաղաքացիները իրենց իրաւունքները առնեն եւ բարօր ու արժանապատիւ կեանք մը ապրին: Մեր պատասխանատուութիւնն է հոգ տանիլ լիբանանցի նոր սերունդներուն, երիտասարդներուն եւ տարեցներուն: Մենք կը յարգենք անոնց դերակատարութիւնն ու ապագան», ըսաւ ան:
 
			

