Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւններու 2-րդ Օրը Աւարտեցաւ

March 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս երէկ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` յաւելեալ ջանք թափելու դէպի Կազա օժանդակութիւններու հոսքը աւելցնելու` նշելով, որ Կազայի բնակիչները մարդասիրական աղէտէ կը տառապին:

Հարիս Ալապամա նահանգ այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Կազայի մէջ պէտք է հաստատուի անմիջական զինադադար մը, որ կ՛երաշխաւորէ գերիներու ազատ արձակումը եւ դէպի Կազա յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսք կ՛ապահովէ:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի յայտարարեց, որ ինք կը յուսայ, որ Ռամատան ամսուան սկիզբէն առաջ Կազայի մէջ զինադադար կը հաստատուի:

«Ատիկա բան մըն է, որուն ուղղութեամբ իրապէս կ՛աշխատին Միացեալ Նահանգները, Քաթարը, Եգիպտոսն ու Իսրայէլը: Կը յուսամ, որ անիկա կը յաջողի, որովհետեւ մեզի համար շատ կարեւոր է ռամատան ամսուընէ առաջ համաձայնութեան հասնիլ», ըսաւ Մալիքի:

Ըստ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին, Համասէն պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է. «Անհաւանական է, որ ռամատանէն առաջ Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն գոյանայ»:

Սակայն եգիպտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Կազայի մէջ զինադադարի հարցով Գահիրէի բանակցութիւններուն 2-րդ օրուան ընթացքին շօշափելի յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»:

Համասէն աղբիւր մը «Արապիա»-ին յայտնած է. «Շարժումը յանձնեց իսրայէլացի արգելափակեալներու դիմաց ազատ արձակումը պահանջուած գերիներուն արժեչափերը»:

Աղբիւրը նաեւ նշած է զինադուլի ժամանակամիջոցի ընթացքին 500 ընտանիքներու միջազգային մասնակցութեամբ Կազայի հիւսիս կանոնաւոր վերադարձի առաջարկի գոյութիւնը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Կազայի մերձակայքը գտնուող մարտական դիրքեր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Այս պատերազմը պիտի չդադրեցնենք առանց Համասը ոչնչացնելու: Համասը իբրեւ իշխող համակարգ պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ, որքան ալ ատիկա ժամանակի կարօտի»:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի գրասենեակը յայտարարեց, որ ան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Կանց հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի, Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի եւ Քոնկրեսի հանրապետական եւ դեմոկրատական անդամներու հետ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ իսրայէլացիներու 53 առ հարիւրին կարծիքով` քաղաքական գոյատեւումն է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կը մղէ Կազայի մէջ պատերազմը երկարաձգելու:

Հարցախոյզին համաձայն, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները այսօր տեղի ունենան, Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց խորհրդարանին մէջ պիտի ապահովէ 39 աթոռ, իսկ Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը` 17 աթոռ, ընդդիմադիր ղեկավար Եայիր Լափիտը` 12 աթոռ, պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը` 9 աթոռ:

Միւս կողմէ, աջակողմեան «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպերման յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը իր աւարտին հասաւ` նշելով, որ Նեթանիահուէն ձերբազատիլը իսրայէլացիներուն համար պարգեւ մը պիտի ըլլայ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ բանակի տեղեկատուութեան ծառայութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարին հրաժարած են:

Աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Տուար Նապուլսիի դէպքէն ետք մերժած է հեռաձայնով խօսիլ Նեթանիահուի հետ: Աղբիւրը կը նշէ. «Նեթանիահու օժանդակութիւններու մատակարարման անցքերը բաց պահելու իր խոստումը չյարգելով նպաստեց վիհի խորացման»:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը երէկ լուրը հերքելով յայտնեց. «Նեթանիահու Տուար Նապուլսիի դէպքէն ետք Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ բնաւ չխնդրեց»:

Յիշեցնենք, որ անցեալ հինգշաբթի իսրայէլեան բանակը յարձակում գործած էր Տուար Նապուլսիի մէջ մարդասիրական օժանդակութիւն ստանալու համար հերթի կանգնած պաղեստինցիներուն վրայ` պատճառելով 118 զոհեր:

Մինչ այդ, Կազայի մէջ Կարմիր մահիկը «Հատաս»-ին յայտնեց. «Եթէ անմիջապէս միջամտութիւն չկատարուի, Կազայի բնակիչները միայն ռմբակոծումէն պիտի չմահանան, այլ նաեւ` հիւանդանալով»:

Նախորդը

Ապպաս Այսօր Թուրքիա Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.