Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Պաալպեքը Եւ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը Կը Կորսնցնէ Քեսրուանի Մէջ

Մարտ 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը նախանցեալ օր ուշ գիշերին ռմբակոծեց Պաալպեքը` թիրախ դարձնելով Տուրիսի շրջանին մէջ գտնուող Տար Ամալ հիւանդանոցին շրջակայքը, ինչպէս նաեւ Թարայա եւ Շամսթար գիւղաքաղաքները:

Պաալպեքի նահանգապետ Պաշիր Խտըր ուշ երեկոյեան յայտնեց, որ իսրայէլեան ռմբակոծումը Տուրիսի մէջ թիրախ դարձուցած է ձիթաիւղի գործարան մը եւ պատճառած զոհ մը ու վեց վիրաւորներ:

Պաալպեքի երեսփոխան Եանալ Սոլհ գիշերն իսկ այցելեց ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուած քաղաքայինները, որոնք փոխադրուած էին հիւանդանոց:

Ան հաստատեց, որ այդ երկչոտ յարձակումները զիրենք չեն վախցներ` աւելցնելով, որ նման արարքներ ցոյց կու տան թշնամիին տկարութիւնն ու յուսախաբութիւնը, ինչպէս նաեւ կը փաստեն, թէ ան կը գտնուի անելի մէջ` Դիմադրութեան դէմ իր պատերազմին պատճառով:

Իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին նաեւ Պաալպեքի Սաֆարի, Նապի Շիթ եւ Սըրհին շրջանները, պատճառելով երկու զոհեր եւ 6 վիրաւորներ:

Եանալ Սոլհ ուղղուեցաւ նաեւ Սըրհին եւ ստուգեց իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառած քանդումը:

Սոլհ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի եւ Պաալպեքի դէմ թշնամի Իսրայէլի ռմբակոծումները անպատասխան պիտի չմնան:

Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը յաղթանակ պիտի արձանագրէ` տապալելով անիրաւութիւնը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն կողքին թռիչքներ գործեց նաեւ Քեսրուանի վերեւ:

Նշենք, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը, որ ռումբ կը կրէր, ինկաւ Քեսրուանի Հարաժել գիւղաքաղաքին մէջ:

Լիբանանեան բանակը բացայայտեց ինկած ու չպայթած հրթիռին վայրը եւ վնասազերծեց զայն:

Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ եւ Խիամ շրջանները:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան կործանիչները Լիբանանի մէջ թիրախ դարձուցած են Հըզպալլայի կեդրոնները` Պաալպեքի, Խիամի եւ Պընթ Ժպէյլի մէջ:

Ան նշեց, որ նախորդ 5 ամսուան ընթացքին իսրայէլեան ուժերը հարուածած են Հըզպալլային պատկանող 4300 թիրախ եւ սպաննած Հըզպալլայի 300 մարտիկներ:

Դիմադրութեան մարտիկները երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին «Քաթիուշա» տիպի 100 հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քայլաահ զօրանոցն ու Եոաւ դիրքը եւ հոն գտնուող զինուորական բոլոր սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռահեպ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը, թիրախ դարձնելով հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Զըրհիթ դիրքը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումը:

Նախորդը

Պըրրի. «Ազգային Չափաւորական Պլոքի Նախաձեռնութիւնը Տակաւին «Երիտասարդ» Է Եւ Ան Կը Վայելէ Հնգեակին Զօրակցութիւնը»

Յաջորդը

«Հայաստանը Հարաւային Կովկասի Մէջ Եւրոպական Միութեան Կարեւոր Գործընկերն Է» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան Զինուորական Յանձնախումբի Նախագահը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?