Մինչ շիի երկեակը կը հաստատէ, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ ապահովական մագլցումները պիտի չստիպեն Լիբանանին որեւէ փոփոխութիւն ընդունիլ` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գծով, իսրայէլեան ուժերուն ռմբակոծումները շարունակուեցան նաեւ երէկ հարաւային սահմանագիծին վրայ, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի քաղաքներուն դէմ:
Երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը ռմբակոծեց Սուրի Հաուշ շրջանին մէջ գտնուող ինքնաշարժ մը` պատճառելով երկու զոհ եւ վիրաւոր մը:
Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ իսրայէլեան ուժերը թիրախ դարձուցած են Ռաշիտիէ գաղթակայանի Համասի պատասխանատուներէն Հատի Մուսթաֆան, որ նաեւ պաղեստինեան «Քասսամ» փաղանգի անդամ է:
Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց եւ ձայնի պատը խզեց հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, Մազարեհ Շեպաայի եւ Հասպայայի վերեւ:
Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի Սուր, Հաուշ, Քանթարա, Ատշիթ, Քուսայր, Եաթեր, Խրայպէ, Ռաշայա Ֆըխխար, Հասպայա, Ուազզանի եւ Մարքապա շրջանները:
Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին բռնագրաւուած Քֆարշուպայի եւ Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ եւ Զըպտին դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պրանեթ դիրքը` հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն շարքերուն մէջ արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Հանիթա դիրքին վրայ տեղակայուած իսրայէլացի զինուորները եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրեց:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները իսրայէլեան թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Մոհամետ Եաագուպ եւ Սատեք Հիւսէյն Ժաաֆար միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:
Միւս կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ ապահովական իրադարձութիւնները քննարկած է Պաալպեքի դպրոցներուն տնօրէններուն հետ եւ անոնց հայեցողութեան ձգած դպրոցները փակելու որոշումը:
Իսկ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յանձնարարեց նախարարութեան` պատրաստել Իսրայէլի դէմ բողոքի նամակ մը, զայն յղելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ հարաւային սահմանագիծէն հեռու գտնուող շրջաններուն ռմբակոծումը ապահովական մագլցում մըն է, որ կը փաստէ պատերազմը ընդարձակելու Իսրայէլի փափաքը:
Այս առումով, հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ միջազգային հասարակութենէն պահանջուած է ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` կասեցնելու Լիբանանի դէմ իր բռնարարքները, ինչպէս նաեւ պահանջուած է դատապարտել Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումները եւ ստիպել անոր գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:


