Ֆրանսան, իր ափրիկեան քաղաքականութեան ձախողութենէն ետք, կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղարարի կերպար ստեղծել, թէեւ Ռուսիան այնտեղ խաղաղապահ դեր կատարած է: «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի «Կիրակնօրեայ երեկոն Վլատիմիր Սոլովիովի հետ» հաղորդման ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Զախարովա ըսած է, որ իր կարծիքով, Հարաւային Կովկասի մէջ Փարիզի գործունէութեան աճը «տեսակ մը փոխհատուցում է Ափրիկէի մէջ ֆրանսական քաղաքականութեան ձախողման»:
Անոր տեսանկիւնէն` Կովկասի մէջ Ֆրանսայի փորձերը կը ներառեն խաղաղապահութեան ջանքեր:
«Մենք կը հասկնանք, որ ատիկա կապ չունի խաղաղապահութեան հետ, մեր երկիրն էր, որ ստանձնեց եւ կատարեց խաղաղապահի ամբողջ դերը, նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման ծիրին մէջ իբրեւ միջնորդ: Այժմ, երբ աւարտած է ամէնէն դժուար փուլը, յոյսով ենք, որ Ֆրանսան, իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ, դարձեալ պիտի չսկսի կրակը փորփրել», ըսած է Զախարովան:


