Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Մոսկուան Լսած Է ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Մասին Փաշինեանի Յայտարարութիւնները. Կացութեան Պարզաբանման Համար Անհրաժեշտ Են Հաղորդակցութիւններ»

March 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան պիտի շարունակէ Երեւանի հետ հաղորդակցութիւնները եւ պիտի պարզաբանէ ՀԱՊԿ-ին անոր անդամակցութեան առնչուած կացութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Անշուշտ, լսած ենք Փաշինեանի (Հայաստանի ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու կարելիութեան մասին) յայտարարութիւնները: Ակնյայտ է, որ շատ աշխատանք կայ կատարելու մեր հայ գործընկերներուն հետ թէ՛ ՀԱՊԿ-ի, թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Մենք պիտի պարզաբանենք եւ պիտի խօսինք վարչապետին կատարած յայտարարութիւններուն համահունչ», ըսած է Փեսքով:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 մարտին յայտարարած էր. «Եթէ ՀԱՊԿ-ի պատասխանը չհամապատասխանէ մեր պատկերացումներուն, մենք ՀԱՊԿ-էն դուրս պիտի գանք»:

Զախարովա. «Մոսկուան Անհանգստացած Է
ՀԱՊԿ–ի Նիւթերով Հայաստանի Ղեկավարութեան Վերջնագրային,
Երբեմն Ալ Վիրաւորական Հռետորաբանութենէն»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ «եթէ ՀԱՊԿ-ի պատասխանը չհամապատասխանէ մեր պատկերացումներուն, մենք դուրս պիտի գանք ՀԱՊԿ-էն», յայտնեց. «Մենք երբեք կասկածի տակ չենք դրած, չենք դներ եւ պիտի չդնենք գերիշխան պետութեան` իր արտաքին քաղաքական ուղղուածութիւնը որոշելու իրաւունքը, ինչ որ կիրարկելի է նաեւ ՀԱՊԿ-ի աշխատանքի պարագային»:

«Նոյն ժամանակ Մոսկուան անհանգստացած է ՀԱՊԿ-ի նիւթերով Հայաստանի ղեկավարութեան ապակառուցողական եւ վերջնագրային, իսկ երբեմն ալ վիրաւորական հռետորաբանութենէն, որ այսօր կը պարտադրուի հայ հասարակութեան», աւելցուցած է Զախարովա:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ շարունակութիւնը քաղաքական այն ընթացքին, որ որդեգրած է Երեւանը, ի վերջոյ կրնայ «անդառնալի վնաս հասցնել Ռուսիոյ հետ դաշնակցային կապերուն, լուրջ վտանգներ ստեղծել հանրապետութեան գերիշխանութեան դէմ ու վերջնականապէս խարխլել երկրին անվտանգութեան ապահովման գործուն մեքանիզմները»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին պնդումով` Երեւանի գործողութիւնները կրնան անդրադառնալ նաեւ Հայաստանի ընկերատնտեսական զարգացման հեռանկարներուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Կ՛ուզենք, Որ Հայաստան – Ազրպէյճանի Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութեամբ Շրջանին Մէջ Նոր Դարաշրջան Սկսի»

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Երէկ Քուէարկութեան Դրուած Բանաձեւով Կ՛առաջարկուի Սերտել Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Թեկնածութեան Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.