Ռուսիան Հայաստանէն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ռուս սահմանապահներու աշխատանքը դադրեցնելու մասին գերատեսչական ծանուցում ստացած է, Երեւանի հետ կապերը կը շարունակուին: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաղորդումով յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Իրօք, այս առնչութեամբ գերատեսչական գրութիւն ստացուած է, եւ այժմ կապերը կը կատարուին գերատեսչութիւններու միջոցով, հիմա աւելին չեմ կրնար ըսել», ըսած է Փեսքով` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Երեւանի օդակայանին մէջ ռուս սահմանապահներուն մասին:
«Բնականաբար, բոլոր կարելի մակարդակներով հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին», աւելցուցած է Քրեմլինի բանբերը: