Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Հայ-Իրանեան Յարաբերութիւններու Ընդլայնումը Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Համահունչ Է»

March 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ բարի դրացիական յարաբերութիւններու ընդլայնումը ձեռնտու է երկու երկիրներուն եւ համահունչ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանը` Թեհրանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոսթանեանի հետ հանդիպումի ժամանակ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը կրկին շեշտած է «օտար երկիրներու միջամտութենէն զերծ մնալու» Իրանի դիրքորոշումը:

Ապտոլլահեան կարեւոր նկատած է տարբեր քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական, գիտական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման եւ խթանման ուղղութեամբ միացեալ ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը:

Ըստ իրանեան կողմին, Կոստանեան իր կարգին յայտարարած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Իրանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը` վերահաստատելով, որ անիկա կը նպաստէ շրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան:

Կոստանեան արդիւնաւէտ որակած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերի Քանիի հետ բանակցութիւններն ու ներկայացուցած քաղաքական խորհրդակցութիւններու նոր փուլի ծիրին մէջ իրանցի պաշտօնակիցին հետ ունեցած բանակցութիւններու մասին զեկուցումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է, որ համաձայնած են տարբեր մակարդակներու վրայ շարունակել խորհրդակցութիւնները:

Հայաստան–Իրան Միացեալ Յայտարարութիւն

Իրանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարարները Թեհրանի մէջ քաղաքական խորհրդակցութիւններ կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Հայկական կողմին համաձայն, անոնք որդեգրած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ քննարկած են երկկողմ, շրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններուն վերաբերող կարեւորագոյն հարցերը:

«Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններուն` կողմերը ընդգծած են բացառապէս խաղաղ միջոցներով գոյութիւն ունեցող հարցերու լուծման կարեւորութիւնը` կայուն խաղաղութեան հասնելու եւ շրջանային կապակցուածութիւնն ու Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար:

«Այս առնչութեամբ երկուստեք կարեւոր նկատուած է գերիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան, փոխադարձութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքներու յարգման անհրաժեշտութիւնը», նշուած է Երեւան-Թեհրան միացեալ յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ռամատանի Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

Զախարովա. «Ափրիկէի Մէջ Անյաջողութեան Լոյսին Տակ Ֆրանսան Կը Փորձէ Անդրկովկասի Մէջ Խաղաղապահի Դեր Խաղալ»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.