Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Թալալ Տուէյհին

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Թալալ Տուէյհին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց «Հարաքեթ Արտ» շարժումի նախագահ Թալալ Տուէյհին: Հանդիպումին ընթացքին Տուէյհի ներկայացուց շարժման աշխատանքներն ու ժողովրդագրական փոփոխութեան ընդդիմացող անոր կեցուածքները` ընդգծելով լիբանանցիներուն վրայ այդ փոփոխութեան ունենալիք հսկայական վտանգները: Տուէյհի լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ, մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու գոյութիւնն...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հրաւէրով Ապրիլին Կը Կայանայ Գիտաժողով` Ազրպէյճանի Գործած Ցեղասպանական Քաղաքականութեան Վերաբերեալ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հրաւէրով Ապրիլին Կը Կայանայ Գիտաժողով` Ազրպէյճանի Գործած Ցեղասպանական Քաղաքականութեան Վերաբերեալ

«Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար գումարեց առցանց երկու նիստեր (8-րդ եւ 9-րդ), նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Ի հետեւումն 19-20 յունուար 2024-ին Անթիլիասի մէջ կայացած «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի խորհրդակցական հանդիպումներու որոշումներուն, առցանց նիստերուն քննարկուեցան Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ գումարելի գիտաժողովին թեման եւ ընդհանուր ուղղութիւնները: Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն շուրջ...

Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծեց Սայտան

Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծեց Սայտան

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ պարտադրուած «Արեան դիմաց արիւն» վերջին տարազը փաստեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող բախումները ո՛չ դիւանագիտական ջանքերով եւ ո՛չ ալ զինուորական առումով պիտի մեղմանան, որովհետեւ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ Կազային օժանդակելու իր գործողութիւնները: Այս դէպքերուն լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերը աշխուժացնեն դիւանագիտական իրենց ջանքերը` կանխարգիլելու համար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ընդարձակ...

Իսրայէլ Մինչեւ 10 Մարտ Պայմանաժամ Ճշդած Է Ռաֆահի Վրայ Յարձակումին Համար

Իսրայէլ Մինչեւ 10 Մարտ Պայմանաժամ Ճշդած Է Ռաֆահի Վրայ Յարձակումին Համար

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց յայտնեց, որ եթէ Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիները յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին ազատ չարձակուին, Իսրայէլ պիտի ընդլայնէ հարաւային Կազայի դէմ յարձակումը եւ մուտք գործէ Եգիպտոսի սահմանին վրայ գտնուող Ռաֆահ քաղաքը: «Աշխարհը պէտք է իմանայ, եւ Համասի ղեկավարները պէտք է իմանան, որ եթէ մինչեւ Ռամատան գերիները տուն չեն վերադարձած, կռիւը պիտի շարունակուի...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ծանօթացան լուր գրելու սկզբունքներուն: Ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին ծրագիրի պատասխանատու, «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան մասնակիցներուն բացատրեց լուրին, անոր ճշգրտութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ լուրը գրելու ձեւերուն եւ սկզբունքներուն մասին: Հանդիպումին աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ...

Միւնիխի Մէջ Փաշինեան-Շոլց-Ալիեւ Հանդիպում

Միւնիխի Մէջ Փաշինեան-Շոլց-Ալիեւ Հանդիպում

Շաբաթ, 17 փետրուարին, Միւնիխի մէջ անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: Քննարկուած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղուած քայլերը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարունակել աշխատանքները խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Գերմանիոյ վարչապետին նախաձեռնութեամբ...

Նապաթիէի Նահատակները Յանձնուեցան Հողին

Նապաթիէի Նահատակները Յանձնուեցան Հողին

Անցեալ շաբաթավերջին Նապաթիէի մէջ տեղի ունեցաւ 14 փետրուար 2024-ի իսրայէլեան ռմբակոծումին զոհ գացած քաղաքայիններուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Նապաթիէի նահատակները յանձնուեցան հողին` պաշտօնական թաղման արարողութեամբ, որուն ընթացքին Նապաթիէի միւֆթի շէյխ Ապտել Հասան Սատեք հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի հողին շաղախուած արիւնը Դիմադրութեան մարտիկներուն` Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի մարտիկներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն թափած արիւնն է, ինչ որ կը հաստատէ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը եւ Դիմադրութեան մշակոյթին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Վարդան Աւեսեանն Ու Մկրտիչ Միքայէլեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Վարդան Աւեսեանն Ու Մկրտիչ Միքայէլեանը

Արամ Ա. կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց քանդակագործ Վարդան Աւեսեանն ու կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, հինգշաբթի, 15 փետրուար 2024-ի երեկոյեան: Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ): Բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ական Կալի Աւագեան, որ ընդգծեց արուեստի ու մշակոյթի կարեւորութիւնը հայու ինքնութեան կազմաւորման մէջ...

Խմբագրական.  88-ի Շարժման Ոգիով Պահպանել Սահմանադրութիւնը   (Արցախեան Շարժման 36-Ամեակ)

Խմբագրական. 88-ի Շարժման Ոգիով Պահպանել Սահմանադրութիւնը (Արցախեան Շարժման 36-Ամեակ)

88-ի շարժումը` Արցախի միաւորումը առաջադրող, ըստ էութեան նաեւ համազգային համախմբում էր: Ստեփանակերտէն Հայաստան եւ ապա սփիւռքեան իւրաքանչիւր համայնք` ամբողջ հայկական աշխարհը համախմբուեցաւ մէկ նպատակի շուրջ: Փրկել Արցախը եւ այդ փրկութիւնը իրականացնելու համար պահանջել անոր վերամիաւորումը մայր հայրենիքին: Շարժումը վերափոխուեցաւ ինքնապաշտպանութեան մարտերու, ազատամարտի, ազատագրութեան եւ ի վերջոյ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ երկրորդ հանրապետութեան հիմնադրութեան: Վերջնանպատակը մնաց նոյնը` վերամիաւորում Հայաստանի Հանրապետութեան:  Վերամիաւորումը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն

Ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպման ընթացքին ընդհանրապէս քննարկուեցան Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Կեդրոնական կոմիտէն շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն Լիբանանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան եւ գործնական զօրակցութեան համար: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Լիբանանի հայ համայնքին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցող դրական նախաձեռնութիւնները` կարեւորութեամբ շեշտեց մեր...

Սէյիտ Նասրալլա. «Թշնամին Արեամբ Պիտի Վճարէ Մեր Քաղաքայիններուն Թափած Արեան Գինը»

Սէյիտ Նասրալլա. «Թշնամին Արեամբ Պիտի Վճարէ Մեր Քաղաքայիններուն Թափած Արեան Գինը»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` «Նահատակ ղեկավար»-ներու օրուան առիթով: Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա ողջունեց ղեկավարները եւ անոնց զոհողութիւնները` հաստատելով, որ իրենք դասեր կը քաղեն ղեկավարներու կեանքի օրինակներէն եւ անոնցմով կ՛առաջնորդուին: Ան նշեց, որ Դիմադրութեան զէնքը Լիբանանի պաշտպանութեան նպատակը կը հետապնդէ եւ չի միտիր քաղաքական կամ սահմանադրական իրողութիւնները փոփոխութեան ենթարկել:...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան այցելեցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ՀՅԴ-ին ու Երեսփոխանական պլոքին անունով ցաւակցութիւն յայտնեցին նախկին վարչապետին իր հօր` վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 19-րդ տարելիցին առիթով: Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, երկրի ընդհանուր իրավիճակը, Կազայի պատերազմն ու շրջանային զարգացումները: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը...

«Ազդակ»-ի 64-րդ Առցանց Լսարան.  Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Յայտնաբերումներ Ներկայացուց Ներսէս Շնորհալիի Մասին

«Ազդակ»-ի 64-րդ Առցանց Լսարան. Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Յայտնաբերումներ Ներկայացուց Ներսէս Շնորհալիի Մասին

«Ազդակ»-ի 64-րդ առցանց լսարանի թեման էր «Ս. Ներսէս Շնորհալոյ երաժշտական աւանդը` նմոյշներ եւ նկատողութիւններ»: Դասախօսն էր նուագավար, երգչախմբավար եւ երաժշտագէտ, Փրակի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան, որ երկրորդ անգամն ըլլալով կը դասախօսէ «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին: Առաջին դասախօսութեան հետեւած էին բազմաթիւ արձագանգներ` «Ազդակ»-ի լսարանի պատասխանատուներուն առաջարկելով, որ դոկտ. Իւթիւճեան յաճախակիօրէն հրաւիրուի դասախօսելու: Այդ առաջարկները վերահաստատուեցան  «Ազդակ»-ի 64-րդ լսարանին...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճանին Կ՛առաջարկենք Փրակայի Պայմանաւորուածութեան Հիման Վրայ Արագացնել Սահմանազատման Գործընթացը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանին Կ՛առաջարկենք Փրակայի Պայմանաւորուածութեան Հիման Վրայ Արագացնել Սահմանազատման Գործընթացը

«Ազրպէյճանին կ՛առաջարկենք Փրակայի պայմանաւորուածութեան հիման վրայ արագացնել սահմանազատման գործընթացը եւ կը վերահաստատենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը»: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանը` արձագանգելով Պաքուի յայտարարութիւններուն: «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` կառավարութեան 15 փետրուարի  նիստին ունեցած ելոյթի վերաբերեալ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է մեկնաբանութեամբ, ինչի կապակցութեամբ անհրաժեշտ կը նկատենք յիշեցնել, որ 6 հոկտեմբեր 2022-ին...

Հարիրիի Սպանութեան 19-րդ Տարելիցին Առիթով`  «Ամէն Ինչ Իր Ժամանակը Ունի, Իսկ Սաատ Հարիրի Ժողովուրդը Չի Լքեր»   Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Հարիրիի Սպանութեան 19-րդ Տարելիցին Առիթով` «Ամէն Ինչ Իր Ժամանակը Ունի, Իսկ Սաատ Հարիրի Ժողովուրդը Չի Լքեր» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով, երեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին,  տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը, ուր կը գտնուի Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը: Հարիրիի յիշատակին առիթով մայրաքաղաք հասած քաղաքացիները աղօթեցին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին անոր դամբարանին վրայ, ինչպէս նաեւ բարձրացուցին պաստառներ` պահանջելով անոր զաւկին` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական ասպարէզ վերադարձը: Դամբարան այցելեցին նաեւ լիբանանցի պետական...

Բախման Կանոնները Խախտելէ Ետք Իսրայէլ Նապաթիէի Մէջ Գործած Է Սպանդ Մը

Բախման Կանոնները Խախտելէ Ետք Իսրայէլ Նապաթիէի Մէջ Գործած Է Սպանդ Մը

Չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:20-ին Գալիլիոյ Սաֆատ քաղաքին մէջ ռմբակոծուեցաւ շէնք մը, որուն պատճառով սպաննուեցաւ իսրայէլացի զինուոր մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան 7 ուրիշներ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլա թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է Սաֆատը եւ պատճառած մարդկային վնասներ: Իսրայէլեան ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պըն Ղաֆիր յայտնեց, որ Լիբանանի հետ սահմանամերձ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ բախման կանոնները պէտք է փոփոխութեան ենթարկել:...

Փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեան Այցելեց «Ազդակ»

Փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Խ․ Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական հիմնարկի տնօրէն փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեան։ Փրոֆ․ Դանիէլեան Պէյրութ ժամանած է իբրեւ բանախօս «Ազդակ»-ի կողմէ կազմակերպուած՝ «Ազդակ»-ի աշխատակից դոկտ․Հրայր Ճէպէճեանի լոյս ընծայած նոր հատորի շնորհահանդէսին։ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» խորագիրը կրող հատորին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ»...

Ներքին Հանդի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանական Սադրանք. 4 Զոհ Եւ 1 Վիրաւոր` Հայկական Կողմէն

Ներքին Հանդի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանական Սադրանք. 4 Զոհ Եւ 1 Վիրաւոր` Հայկական Կողմէն

Պաքու Կը Պնդէ, Որ Հաւատարիմ Է Խաղաղութեան Հոլովոյթին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները, թէ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու ձեռնարկած քայլերը մագլցումի պատրուակ են, ամբողջովին անհիմն են: Այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Զինուորական այն սադրանքէն ետք, որ յանգեցուցած է ազրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորման, ազրպէյճանական կողմը վերացուցած է հայկական դիրքէն բխող վտանգը: Այս միջոցը զուտ պատասխան...

Անդրադարձ.  «Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»

Ակնարկ. Հիւսիս-Հարաւը Եւ Սիւնիք-Թաւրիզը

Պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Թաւրիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Երկու տարիէ ի վեր Կապանի մէջ կը գործէ Իրանի հիւպատոսութիւնը: Թաւրիզի հայաստանեան հիւպատոսութիւնը կ՛ընկալուի իբրեւ Կապանի իրանեան հիւպատոսութեան հաստատման համապատասխան կամ համարժէք քայլ: Երկու պարագաներուն ալ ընտրուած վայրը ռազմավարական խոր նշանակութիւն ունի: Իրանը կը շարունակէ ընդգծել, որ Հայաստանի հետ իր սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն չի հանդուրժեր:...

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպած Է Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպած Է Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը 9 փետրուարին հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Քանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրիւ Թըրների հետ: Տէր Խաչատուրեան շնորհաւորած է 2023 թուականի հոկտեմբերին Երեւանի մէջ քանատական դեսպանատան բացման առիթով, ինչ որ պիտի նպաստէ Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման: Հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կողմէ բարձրացուած հիմնական հարցերը կը վերաբերէին Քանատայէն...

Page 185 of 796 1 … 184 185 186 … 796

Արխիւներ