Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմենթինի. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցածը Հայերու Ցեղային Զտում Է»

April 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պէտք է մշտապէս յիշել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը այնտեղ հազարամեակներ շարունակ ապրած հայերու ցեղային զտում է»: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` նման ձեւակերպումով Իտալիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ, Լեկա կուսակցութեան ներկայացուցիչ Փաոլօ Ֆորմենթինի արձագանգած է եւրատլանտեան հանրութեան հետ Հայաստանի լիարժէք համարկումի կարելիութեան մասին իր հարցումին` Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան փոխնախարար Ճորճօ Սիլլիի տուած պատասխանին:

«Կ՛ակնկալենք, որ Իտալիան լիարժէք աջակցութիւն պիտի տրամադրէ եւրատլանտեան համայնքին Հայաստանի համարկումին: Եւ ատիկա իսկապէս աւելին է, քան զուտ ակնկալիք: Մենք մշտապէս պիտի շարունակենք պնդել ատիկա, քանի որ ինչպէս արդէն նշած ենք, Իտալիան առեւտրական եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ ամուր կապեր ունի Ազրպէյճանի հետ, բայց ատիկա չի նշանակեր եւ պէտք չէ նշանակէ, որ մենք պէտք է ամբողջ ժողովուրդ մը ձգենք ճակատագիրի քմահաճոյքին: Պէտք է մշտապէս յիշել այն, ինչ որ տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, քանի որ այն, ինչ որ պարզապէս, պարզունակ ձեւով կը բնորոշուի իբրեւ այսպէս կոչուած «վտարում ազրպէյճանական հողերէն»` այնտեղ հազարամեակներ շարունակ ապրած հայերու ցեղային զտում է: Այլ ձեւով չենք կրնար որակել տեղի ունեցածը: Անհրաժեշտ է գիտակցիլ սա: Շատ լուծումներ կրնային ըլլալ: Սակայն, ատիկա հաշուի չառնուեցաւ, եւ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան», յայտարարած է Փաոլօ Ֆորմենթինի:

Ան յատուկ ընդգծած է, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ պէտք է ապահովուի այդ շրջանի պատմամշակութային ժառանգութեան, հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ գերեզմանատուներու պաշտպանութիւնը, որպէսզի անոնք նոյնպէս չվերացուին:

«Եւ այս ամէնը` 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի` ապրիլի 24-ին նախօրեակին: Սա իսկապէս յարգանքի տուրք է խաղաղութեան: Համոզուած եմ եւ յոյսով եմ, որ ատիկա ըլլայ իսկական խաղաղութիւն, որ կը յարգէ պատմական տարածքները, պատմամշակութային ժառանգութիւնն ու ժողովուրդի իրաւունքները: Մենք այս ամէնը պէտք չէ մոռնանք Ազրպէյճանի հետ մեր ամէնօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ: Եւ եթէ մենք Հայաստանի պարագային նկատած ենք յառաջընթաց դէպի Եւրոպական Միութիւն եւ նոր երկխօսութիւն (ինչպէս նշեց Սթոլթենպերկ) ՕԹԱՆ-ի հետ, ապա պէտք է ըսենք նաեւ, որ, ըստ որոշ դիտարկումներու, հաւանաբար հակառակը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի հետ սահմանակից երկրին մէջ», իր ելոյթը այսպէս աւարտած է Փաոլօ Ֆորմենթինի:

Նախորդը

Փասքալ Սլէյման Հողին Յանձնուեցաւ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.