Ուաշինկթըն չէ տեսած փաստ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Ռուսիոյ զինեալ ուժերը կը նպաստեն Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել` արձագանգելով այն դիտարկման, թէ «ռուս խաղաղապահները դուրս կու գան Ազրպէյճանէն` Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուելու համար», եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ «ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան Հարաւային Կովկասի մէջ հետեւանքները»:
«Ինչպէս գիտէք, մենք կողմ չենք հանդիսանար բանակցուած եռակողմ համաձայնութեան, որ 2020 թուականին դադրեցուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտերը եւ ռուսական զօրքերը տեղակայեց այդ շրջանին մէջ: Անկեղծօրէն, մենք չենք տեսած որեւէ բան, որ ցոյց կու տայ, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերը կը նպաստեն աւելի խաղաղ եւ կայուն Հարաւային Կովկասի շրջանին, եւ անցեալ աշնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ակնյայտօրէն կը մատնանշեն այդ կարեւոր փաստը կամ օրինակ այն, որ Ռուսիան վստահելի դաշնակից կամ գործընկեր չէ», ըսած է Փաթել:
Ան վերահաստատած է, որ Ուաշինկթըն վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն, «եւ պատրաստ ենք շարունակելու աջակցիլ այս հոլովոյթին»:
Քրեմլին հինգշաբթի օր հաստատեց. «44-օրեայ պատերազմէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները սկսած են դուրս գալ այնտեղէն»:
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւն ալ ըսաւ, որ զօրակազմի դուրսբերման որոշումը տրուած է բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով: «Հոլովոյթը արդէն սկսած է: Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ միջոցները` այս որոշումը կեանքի կոչելու համար», յայտարարեց Հաճիեւ: