Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին հետ:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան զարգացման դրական ընթացքը` ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք բարձր մակարդակի այցելութեան կազմակերպումը գործակցութիւնը խորացնելու ցանկութեան լաւագոյն վկայութիւնն է:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են առեւտրատնտեսական, զբօսաշրջութեան, կրթութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն: Ընդգծուած է կարեւորութիւնը պարբերական ուղիղ թռիչքներու, որոնք կը նպաստեն նաեւ մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու եւ գործարար կապերու խթանման:
Միրզոյեանն ու Պըն Ֆարհան իշխանը նաեւ քննարկած են միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ, բազմակողմ հարթակներու վրայ գործակցութեան հարցեր, ներառեալ «Ուըրլտ Էքսփօ 2030» կազմակերպելը:
Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանը կը զարգացնէ քաղաքական երկխօսութիւնն ու գործընկերութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն հետ, որուն դրսեւորումն էր նախորդ տարի առաջին անգամ մասնակցութիւնը Արաբական լիկայի նախարարական հանդիպումին: «Շատ կարեւոր է, որ մենք միացեալ ջանքերով կը լրացնենք Սէուտական Արաբիոյ հետ խոստմնալից գործակցութեան բացը», ըսած է ան: