Սթանօ. «Հայաստանը Կրնայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Դիմում Ներկայացնել»
Հայաստանը կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմում ներկայացնել: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօ: «Երկիրները իրաւունք ունին իրենց ժողովուրդին համար աւելի լաւ ապագայի ձգտելու: Անոնք ազատ են նման ապագան ինչպէս ապահովելու իրենց որոշումին մէջ: «Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ապա իւրաքանչիւր եւրոպական երկրի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը պէտք է որոշեն, թէ արդեօք...




















